Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բջիջային Հեռաձայնի Ընկերութիւններու Պաշտօնեաներու Սենտիքան Կը Մերժէ Հաղորդակցութեան Սակի Բարձրացումը

December 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաներու սենտիքայի նախագահ Փոլ Զէյթուն երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ երբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ յայտնած է, թէ կը մտադրէ հաղորդակցութեան սակը բարձրացնել, լիբանանցիները ուղղուած են վաճառատուները եւ ապահոված են մեծ թիւով բջիջային հեռաձայնի նախապէս վճարուած քարտեր եւ զանոնք պահած իրենց բնակարաններուն մէջ:

Ան նշեց, որ այս իրականութիւնը պատճառ դարձած է, որ այդ քարտերը շուկային մէջ չգտնուին եւ վերածուին չարաշահումի նոր երեւոյթի:

Զէյթուն յայտնեց, որ աւելի ուշ իրենց համար յստակ դարձած է, որ նախարարը լուրջ է եւ ուղղակի մտադիր է հաղորդակցութեան սակը բարձրացնել` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հովանաւորութեամբ:

«Մենք կը փափաքինք յիշեցնել նախարարին, որ նախկին նախարարի մը կողմէ տրուած նման անխոհեմ որոշումի մը պատճառով էր, որ 17 հոկտեմբերի յեղափոխութիւնը բռնկեցաւ, որովհետեւ անիկա ուղղակիօրէն իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ իւրաքանչիւր լիբանանցիի կեանքին վրայ, ինչպէս նաեւ կ՛ազդէ երկրին տնտեսական կացութեան վրայ, յատկապէս անոր դիմագրաւած տագնապալի վիճակէն ետք: Կը զգուշացնենք նախարար Քըրըմը եւ անոր ետին կանգնած քաղաքական կողմն ու կառավարութիւնը` նման որոշում մը տալէ: Մենք պիտի մերժենք նման որոշում եւ հաղորդակցութեան սակին սղելու կարելիութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի ընդունինք», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Լիբանանի աշխատաւորական սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Մարուն Խաուլի յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը կը զօրակցի բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաներու սենտիքային եւ կը զգուշացնէ «պետական նպաստները կասեցնող կառավարութիւնը» նման քայլի մը դիմելէ:

Խաուլի շեշտեց, որ համադաշնակցութիւնը պատրաստ է մագլցողական քայլերու դիմելու, եթէ կառավարութիւնը յանդգնի հաղորդակցութեան սակը բարձրացնել:

 

Նախորդը

Ալի. «Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Միջեւ Սահմաններու Վերաբացումը Երկու Ժողովուրդներու Շահերուն Կը Ծառայէ»

Յաջորդը

Թրիփոլիի Մէջ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Հաստատ Մայիս Ամսուան Ընթացքին Պիտի Կայանան» Շեշտեց Մաուլաուի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.