Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փիեռ Տիւքան Վարչապետ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Դիմագրաւած Տագնապը

Դեկտեմբեր 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ եւ Լիբանանի համար կատարուած միջազգային օժանդակութիւններու պատասխանատու Փիեռ Տիւքանը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` կառավարութիւնը ժողովի հրաւիրելու նպատակով, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք կարիքը ունին նախարարաց խորհուրդի նիստերուն` վաւերացուելու եւ որոշումի յանգելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները շարունակել:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այդ բանակցութիւնները դրական ընթացք ունին, եւ կը նախատեսուի, որ մօտիկ ապագային անոնց արդիւնքները յստակ կը դառնան:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ առանց պէտք եղած մթնոլորտը ապահովելու կառավարութիւնը ժողովի հրաւիրելը կրնայ տիրող լարուածութիւնը սրել եւ լուծումները բարդացնել:

Տիւքան իր կարգին յայտնեց, որ Միքաթիի հետ հանդիպումին ընթացքին դրական զարգացումներ շօշափած է, յատկապէս Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ դրական բանակցութիւններուն առումով:

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան տագնապին լուծման ընդհանուր սկզբունքներուն շուրջ պէտք է համաձայնութիւն գոյացնել` նախքան ֆոնտին հետ համաձայնութեան յանգիլը:

Ան շեշտեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւնը պէտք է գոյանայ նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար ճշդուելիք թուականը:

Տիւքան ըսաւ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւնը կրնայ դռները բանալ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներուն գործադրութեան մասին խորհրդակցելու:

Տիւքան վարչապետարանէն մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Տիւքան այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլի, որուն հետ քննարկեց կատարուելիք բարեկարգումներուն, տնտեսական ապաքինման ծրագիրին գործադրութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նախագահեց ելեւմտական բնոյթի ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, նախարար Եուսեֆ Խալիլ եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ:

Վարչապետը ընդունեց արդարութեան նախարար Հանրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման:

Վարչապետ Միքաթի նամակ մը յղեց ընդհանուր դատախազութեան` պահանջելով անմիջական հետաքննութիւն բանալ այն մամլոյ ասուլիսին մասին, որուն ընթացքին Պահրէյնի հասցէին ցեխարձակումներ կատարուած էին:

ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետը հրապարակեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով տօնական օրերու յատուկ շրջաբերականը, որուն համաձայն, բոլոր պետական հաստատութիւնները փակ պիտի մնան ուրբաթ, 24 դեկտեմբեր 2021-ին, ուրբաթ, 31 դեկտեմբեր 2021-ին, եւ հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ին:

 

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Հաստատ Մայիս Ամսուան Ընթացքին Պիտի Կայանան» Շեշտեց Մաուլաուի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Կառավարութեան Ժողով Գումարելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?