Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ուղղուեցաւ Թրիփոլիի սերայ` ընկերակցութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատար գնդապետ Մարուան Սլէյլաթիի, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ բանակի պատասխանատու Ուաէլ Ապու Շաքրայի:
Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլլարտը:
Թրիփոլիի սերային մէջ բացումը կատարուեցաւ Բրիտանիոյ ֆինանսաւորումով ստեղծուած զինուորական կեդրոնին, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ կեդրոնին գործունէութեան դրութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան միջոցները:
Այս առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քոլլարտ յայտնեց, որ Լոնտոն կը հաւատայ լիբանանեան ապահովական եւ զինուորական կառոյցներու կարողութիւններուն եւ երկրին կայունութեան անոնց նուիրուածութեան:
«Այդ կառոյցները կարեւոր մէկ բաժինը կը կազմեն լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւններուն», ըսաւ Քոլլարտ:
Ան մաղթեց, որ այս կեդրոնին շնորհիւ կարելի ըլլայ յաւելեալ ոճիրներ կանխարգիլել եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը ամրապնդել:
Նշենք, որ Մաուլաուի յայտնեց, որ կառավարութեան ժողովները առկախելու քայլը իր ազդեցութիւնը պիտի չունենայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդին կազմութեան:
Մաուլաուի ընդգծեց, որ իրեն համար յառաջիկայ փուլին առաջնահերթութիւններէն է երեսփոխանական ընտրութիւններուն կազմակերպումը:
Երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման թուականին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մաուլաուի ըսաւ. «Երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման պաշտօնական թուական պիտի չճշդեմ, մինչեւ որ այդ թուականին մասին վերջնական համաձայնութիւն գոյանայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ»:
Մաուլաուի յայտնեց, որ ըստ օրէնքի ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան 21 մարտէն 21 մայիսի միջեւ:
Ան յայտնեց սակայն, որ ընտրութիւնները վստահաբար մայիս ամսուան ընթացքին պիտի կատարուին:
Մաուլաուի աւելցուց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առումով օրէնքի գործադրութիւնը կրնայ լուծել կառավարութեան դիմագրաւած ներկայ տագնապը:
Միւս կողմէ, Մաուլաուիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարը կը դատապարտէ Պահրէյնի դէմ կատարուած որեւէ ցեխարձակում:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը հետաքննութիւն բացած է Պէյրութի մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին մասին` բացայայտելու համար հոն հնչած յայտարարութիւնները:
Մաուլաուիի թելադրանքով տեղեկութիւններ պիտի հաւաքուին մամլոյ ասուլիսին մասնակցողներուն մասին, որպէսզի յստականայ, թէ ինչպէ՛ս արձանագրուած են Պահրէյնի նման Լիբանանի բարեկամ երկրի մը դէմ նման թշնամական արտայայտութիւններ:
«Մաուլաուի կը մերժէ Լիբանանը վերածել Ծոցի երկիրները հարուածող եւ անոր արաբ եղբայրները ցեխարձակումի թիրախ դարձնող երկրի մը: Անհրաժեշտ է արաբական երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները պահպանել եւ Ծոցի երկիրներու ներքին հարցերուն միջամուխ չդառնալ», կը շեշտէ հաղորդագրութիւնը: