Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինեան Պըրժ Շմալի Գաղթակայանին Մէջ Չորս Զոհեր` Յուղարկաւորութեան Ընթացքին

Դեկտեմբեր 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրի Պըրժ Շմալի գաղթակայանին մէջ երէկ կէսօրէ ետք արձանագրուեցան բախումներ` Համասի եւ Ֆաթհի զինեալներուն միջեւ:

Զինեալ բախումներուն պատճառն էր Համզա Շահինի յուղարկաւորութիւնը, իսկ այդ բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան չորս զոհեր: Անոնք են. Օմար Սահլի, Հիւսէյն Ահմետ (Միէ Միէ գաղթակայանէն), Մոհամետ Թահա եւ Մոհամետ Սէյիտ (Այն Հելուէ գաղթակայանէն):

Համաս Ֆաթհը ամբաստանեց յուղարկաւորներուն դէմ կրակ բանալու յանցանքով:

Միւս կողմէ, Ֆաթհ հաստատեց, որ ինք Պըրժ Շմալի գաղթակայանին մէջ կրակ բացող զինեալը յանձնած է լիբանանեան իշխանութիւններուն` աւելցնելով, որ այդ զինեալը Պաս գաղթակայանի բնակիչներէն է:

Աուտէ Եպիսկոպոս. «Չենք Զարմանար Նաւահանգիստի Պայթումին Ճշմարտութիւնն Ու Յանցագործները Ծածկելու Փորձերով»

Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս երէկ նախագահեց նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի նահատակութեան 16-րդ տարելիցին առիթով մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Թուէյնի ջանք թափած է պաշտպանելու Լիբանանի անկախութիւնը եւ զայն հեռու պահելու համայնքայնութենէն:

«Թուէյնի կը շեշտէր, որ անկախութեան պահպանումը կ՛ըլլայ անոր նկատմամբ մեր հաւատքին ամրապնդումով», ըսաւ Աուտէ եպիսկոպոս` աւելցնելով, որ անկարելի է ընդունիլ կառավարութեան աշխատանքը անդամալուծելու փորձերը:

Ան նշեց, որ իրենց համար զարմանալի չեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնն ու յանցագործները ծածկելու փորձերը, «որովհետեւ այս ուղեգիծը արմատացած է Լիբանանի մէջ», ըսաւ Աուտէ եպիսկոպոս` մաղթելով, որ Թուէյնիի լաւատեսութիւնը, թէ լիբանանցի ժողովուրդն է երկրին հրաշքը, կը պարտադրէ ինքզինք, իսկ նորահաս սերունդները կը գիտակցին այս ճշմարտութեան ու կը գործեն անոր հիման վրայ:

Հատի Հպէյշ. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Հըզպալլայի Զէնքին Դէմ Ներքին Լիբանանեան Յեղափոխութեան»

Միւս կողմէ, երէկ յետմիջօրէին Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ կոչ ուղղեց Հըզպալլայի զէնքին եւ երկրին վարչակարգին դէմ ներքին յեղափոխութիւն մը սկսելու` հաստատելով, որ տիրող ներկայ կացութիւնը կարիքը ունի միջազգային միջամտութեան:

«Կոչ կ՛ուղղեմ ժողովուրդին փողոց իջնելու եւ միջազգային միջամտութիւն պահանջելու», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ. «Հըզպալլա Պատասխանատու Է Ներկայիս Տիրող Կացութեան»

Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ սէուտական «Պիլատ Սէուտիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հակազդեցութիւնները արդարացի են` աւելցնելով, որ լիբանանցի կարգ մը քաղաքական գործիչներ, որոնք Իրանի դաշնակից են, Լիբանանը զետեղեցին ոչ արաբական առանցքի մը վրայ: «Ճշմարտութիւն մը, որ մղեց արաբները մերժելու Լիբանանի շրջափակումը: Բայց եւ այնպէս Իրանի զօրակիցները լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը չեն նկատուիր, հետեւաբար կը մաղթեմ, որ Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրներ Լիբանանի նկատմամբ ըմբռնում ցուցաբերեն», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ նշեց, որ Հըզպալլա ուղղակիօրէն Լիբանանը փոխադրեց դէպի առանցք մը, որ իր բնականոն վայրը չէ, այլ` արաբականութեան ընդդիմացող միջավայր է: «Արդեօք Հըզպալլա պիտի ճանչնա՞յ լիբանանեան պետութեան եւ գոյացութեան աւարտը: Հըզպալլա պատասխանատու է ներկայիս տիրող կացութեան եւ արձանագրուող պատահարներուն, եւ ըստ երեւոյթին բազմազանութեան եւ արաբականութեան Լիբանանը զայն չի հետաքրքրեր, այլ` տարբեր Լիբանան մը», յայտնեց ան:

Ժոմպլաթ հարցազրոյցը աւարտեց Հըզպալլային յղելով հարցում մը. «Կը փափաքի՞ք Թաէֆի համաձայնագիրը ամրագրել` իբրեւ կայունութեան միակ ելք, թէ՞ այլ բան է ձեր պահանջածը»:

Պետական Դպրոցներու Ուսուցիչները Այսօրուընէ Սկսեալ Դասադուլ Կը Յայտարարեն

Նշենք, որ պետական դպրոցներու տարրական եւ երկրորդական բաժանմունքներու ուսուցիչներու լիկաները, ինչպէս նաեւ տարրականի պայմանագրութեամբ գործող ուսուցիչներու խորհուրդը այսօրուընէ սկսեալ դասադուլ յայտարարեցին` շեշտելով, որ Նոր տարուան արձակուրդէն ետք պիտի չվերադառնան աշխատանքի, մինչեւ իրենց պահանջներուն ամբողջական գործադրութիւնը:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին արհեստից դպրոցներու ուսուցիչներու լիկան յայտնեց, թէ կը միանայ ուսուցիչներու վերոնշեալ  դասադուլին, ցնոր տնօրինում:

Անոնք ընդգծեցին, որ պետութեան կողմէ տրուած խոստումները չեն գործադրուած: Այս կեցուածքներուն լոյսին տակ պայմանագիրով գործող ուսուցիչներու խորհուրդին աշխատանքները համակարգող պատասխանատու Համզէ Մանսուր կոչ ուղղեց յայտարարելու 2021-2022 կրթական տարեշրջանի աւարտը:

Այս բոլորին կողքին Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ 20 հիւանդանոցներ դէմ յանդիման կը գտնուին փակուելու սպառնալիքին, եթէ անոնց կարելի չըլլայ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել:

Իսկ առեւտրականները սննդեղէնի սակերը կը ճշդեն մէկ տոլարին դիմաց 30 հազար լ. ոսկիի հիման վրայ:

 

 

Նախորդը

Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Բողոքէ Լիբանանի Դէմ

Յաջորդը

Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Արցախի Մէջ Յուսալի Լուծման Խնդիրները

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?