Որքան մօտենանք տօնական օրերուն, այդքան աւելի կը հեռանանք տօնական մթնոլորտէն: Տօնակատարելու եռանդը կը հեռանայ եւ կեդրոնացումը կ՛ամփոփուի ողջ մնալու համար մղուած պայքարին շուրջ:
Մինչ ամերիկեան տոլարին սակը կ՛անցնի 28.500 լ. ոսկիի սահմանը, առեւտրականները պաշտօնապէս կը յայտարարեն, թէ իրենք սննդամթերքի եւ բոլոր ապրանքատեսակներու սակերը ճշդած են 30.000 լ. ոսկիի սակին համաձայն:
Տնտեսական, ելեւմտական ու ապրուստի տագնապներուն սրելուն կողքին նկատառելի աճ սկսած են արձանագրել ապահովական միջադէպերը, որոնց շարքին է «Պիպլոս» դրամատան Զալքայի մասնաճիւղին մէջ պատահած երէկուան միջադէպը, երբ զինեալներ դրամատունը գողնալու նպատակով մուտք գործած են դրամատուն, սակայն ազդանշաններ տուող զանգերէն անակնկալի մատնուելով կրակած են` թեթեւօրէն վիրաւորելով պաշտօնեայ մը եւ փախուստ տուած են դրամատունէն:
Միւս կողմէ, երէկ յետմիջօրէին մեծ թիւով քաղաքացիներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Քոլայէն Պըրժ Ապի Հայտար տանող ճամբան, ինչպէս նաեւ Քոռնիշ Մազրաան` «Ապտել Նասեր» մզկիթին մօտ: Փակուեցաւ նաեւ Խալտէի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ:
Ցուցարարները բողոքեցին հետզհետէ վատթարացող տնտեսական տագնապին դէմ:
Այս բոլորին կողքին, Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ յայտնեց, որ ցամաքային փոխադրութեան մարզը վաղը` հինգշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2021-ին, ընդհանուր գործադուլ եւ ցասումի օր յայտարարած է:
Միւս կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ տեղեկատուութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պէտք է վճարէ լիբանանեան պետութեան կողմէ համացանցի ընկերութեան կատարուելիք նիւթական պարտաւորութիւնը` 500 հազար տոլար, որպէսզի կարելի ըլլայ համացանցի ծառայութիւնը պահպանել:
Անդրադառնալով հաղորդակցութեան ծառայութեան սակերը բարձրացնելու միտումին` Հաժ Հասան շեշտեց, որ նման հարցերու լուծումը անպայմանօրէն ծառայութեան սակը բարձրացնելու եւ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու կարելիութիւնը չէ:
Ապիատ. ««Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ Նախազգուշութիւնները Խախտող Հաստատութիւնները Պիտի Փակուին»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու միջոցները խստացնելու եւ նախազգուշութիւնները պարտադրելու կարելիութիւնները:
Առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ նիստէն ետք շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակով վարակուած ութ հաստատ պարագաներ կան, իսկ 16 ուրիշներ կասկածելի պարագաներ կը նկատուին:
«Օմիքրոն» տարբերակով վարակուած պարագաները Լիբանան հասած են Ափրիկէէն, Բրիտանիայէն, Սպանիայէն, Թուրքիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն:
Ապիատ նկատել տուաւ, որ երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակը շուտով պիտի բազմանայ:
Ապիատ նկատել տուաւ նաեւ, որ երկրի հիւանդանոցային մարզի կարողութիւնը մտահոգիչ է` սահմանափակ ըլլալուն պատճառով, հետեւաբար «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ նախազգուշութիւնները խախտող բոլոր հաստատութիւնները պիտի փակուին` հասնելով մինչեւ կարմիր մոմով փակելու տարբերակին:
Անդրադառնալով Պէյրութի միջազգային օդակայանին` Ապիատ յայտնեց, որ օդակայանին մէջ միջոցառումները պիտի խստանան, որպէսզի կացութիւնը օդակայանի փակման չյանգի:
Ապիատ նկատել տուաւ սակայն, որ «Քորոնա» ժահրի աննախընթաց տարածումին պարագային երկրին ամբողջական փակումը բացառուած չի նկատուիր: