Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 15, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1474 վարակուածներ եւ մահացած 13 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 28.500 լ. ոսկիի սահմանը:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուածներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց արդարութեան նախարար Հանրի Խուրիի, որուն ներկայացուց իր պահանջները: Նահատակներուն ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենք կը պահանջեն արդարութիւն բանեցնել եւ ճշմարտութիւնը իմանալ:

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թաննուս Մըշլեպ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի բարեփոխումին դէմ ներկայացուած վիճարկումին մասին վճիռը կրնայ այս շաբթուան ընթացքին չտրուիլ: Ան հաստատեց, որ ոչ ոք իր վարկը պատրաստ է զոհելու` այս կամ այն քաղաքական ուժը գոհացնելու նպատակով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի նախարարութեան համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 10.800 լ. ոսկիով, մազութը` 17.800 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 13.700 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 318.800 լ. ոսկի, մազութը` 338.900 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի շիշը` 239.500 լ. ոսկի:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան շեշտեց. «Եմէնի դէմ պատերազմը պէտք է անմիջապէս վերջ գտնէ, որովհետեւ անկարելի է տեսնել հարիւր հազարաւոր զոհեր, անպատսպարներ եւ յոյսը որոնող ու զայն չգտնող սոված մարդիկ, ու ըսել, թէ այդ պատերազմը պէտք է շարունակել: Անկախ պատերազմին պատճառներէն ու պատճառողէն եւ յաղթանակ արձանագրելիք կողմէն, պատերազմը պէտք է վերջ գտնէ»:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Վրոնեցքա մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Ան այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա հանդիպում մը ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու յատկապէս Ներքին ապահովութեան ուժերու կառոյցին վերաբերող հարցեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի դէմ արձակուած բերման գիրը զիրենք չի հետաքրքրեր` աւելցնելով, որ ինչ որ անարդարութեան վրայ հիմնուած է, անարդար է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիները ներկայացնող 6 երեսփոխաններու ընտրութիւնը կատարելու իմաստով բանեցուած ճնշումները անկարելի պիտի դարձնեն երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կայացնելը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան ու ամերիկեան տոլարի սակի բարձրացումին ետին կը գտնուի ծովային սահմանագծումի թղթածրարը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Փիեռ Տիւքանի Լիբանան այցելութիւնը կը միտի երկրին փրկութեան համար իսկական առիթ մը ստեղծել:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Պու Հապիպ Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Պահրէյնի Բողոքի Նամակին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.