Լիբանանեան

Ապիատ. «Ֆայզըր» Պատուաստումի  Մարաթոնը Յաջող Ընթացք Ունեցաւ»

Ապիատ. «Ֆայզըր» Պատուաստումի Մարաթոնը Յաջող Ընթացք Ունեցաւ»

Առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ նախարարութեան կազմակերպած «Ֆայզըր» պատուաստումի մարաթոնը յաջող ընթացք ունեցաւ: Ան նշեց, որ շաբաթ օր լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ պատուաստուած են 34.163 անհատներ, որոնցմէ առաջին պատուաստը ստացած է 25.215 հոգի, երկրորդ պատուաստը` 1184, իսկ երրորդ պատուաստը` 7134: Ապիատ նշեց, որ կիրակի օր պատուաստուողներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 19.000-ի: Ան հաստատեց, որ մարաթոնին իրականացուցած յաջողութիւնը մեծ է` աւելցնելով,...

Ուաշինկթընի Մէջ.   «Կառավարութիւնը Վճռած Է Լիբանանը Իր Տագնապէն  Դուրս Բերել Եւ Իր Նկատմամբ Միջազգային  Վստահութիւնը Վերահաստատել»  Շեշտեց Ամին Սալամ

Ուաշինկթընի Մէջ. «Կառավարութիւնը Վճռած Է Լիբանանը Իր Տագնապէն Դուրս Բերել Եւ Իր Նկատմամբ Միջազգային Վստահութիւնը Վերահաստատել» Շեշտեց Ամին Սալամ

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ բոլոր ջանքերը կը միտին լուծել տնտեսական քայքայումը, ապաքինումի յանգիլ եւ երկրին տնտեսական պայմաններուն վատթարացման վերջ տալ: «Կառավարութիւնը վճռած է Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերել», ըսաւ ան: Սալամ Ուաշինկթընի մէջ այցելեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկացի պետական անձնաւորութիւններու հետ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան վստահուած է լուծել երկրին տնտեսական...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1539 վարակուածներ եւ մահացած 12 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 25.700 լ. ոսկիի սահմանը: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզին մէջ ըսաւ. «Կտրուկ կերպով կը մերժենք կառավարութեան նիստերու գումարման արգելակումը, որ ինքնին սահմանադրութիւնը ոտնահարելու քայլ մըն է»: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու...

Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Ժողով Չգումարելու Հարցն  Ու Սալամէի Հրամանագիրին Ունենալիք Հետեւանքները

Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Ժողով Չգումարելու Հարցն Ու Սալամէի Հրամանագիրին Ունենալիք Հետեւանքները

Ամերիկեան տոլարին սակը սեւ շուկային մէջ անցած է 26 հազար լ. ոսկին, իսկ կառավարութիւնը տակաւին ժողով պիտի գումարէ: Երէկ յետմիջօրէին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր Եգիպտոս կատարած այցելութեան արդիւնքները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան...

Սուրի Պըրժ Շմալի Գաղթակայանին Մէջ  Զինամթերքի Պահեստանոցի Պայթում

Սուրի Պըրժ Շմալի Գաղթակայանին Մէջ Զինամթերքի Պահեստանոցի Պայթում

Սուրի Պըրժ Շմալի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ երէկ երեկոյեան արձանագրուեցաւ հսկայ պայթում մը, որ ի յայտ եկաւ, թէ Համասի պատկանող զինամթերքի պահեստանոցի մէջ է: Պայթումը պատճառեց 12 վիրաւորներ, որոնցմէ շատեր ծանրօրէն վիրաւորուեցան: Բոլոր վիրաւորները փոխադրուեցան Ժապալ Ամել հիւանդանոց: Լիբանանեան բանակը որդեգրեց ապահովական խիստ միջոցառումներ եւ արգիլեց դէպի գաղթակայան մուտքն ու ելքը, իսկ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը աշխատեցան հակակշիռի տակ առնել հրդեհը: ՖԻՆԻՒԼ-ի...

Պաապտայի Մէջ.   «Կառավարութիւնը Պէտք Է Շարժի Դիմակայելու  Համար Երկրին Տնտեսական Փլուզումը»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Շարժի Դիմակայելու Համար Երկրին Տնտեսական Փլուզումը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` նկատի ունենալով երկրին մէջ արձանագրուած զարգացումները: Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ապրուստը ապահովելու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական տագնապն ու սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի սակին արձանագրած բարձրացումը, որուն պատճառով նաեւ տարբեր ապրանքատեսակներ սղաճ արձանագրած են, քաղաքացիին կեանքը...

Միքաթի Քաղեց Եգիպտոսի  Ամբողջական Զօրակցութիւնը

Միքաթի Քաղեց Եգիպտոսի Ամբողջական Զօրակցութիւնը

Մինչ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի եւ Քաթարի շէյխ Թամիմ իշխանի միջեւ հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը: Սէուտական-քաթարեան միացեալ հաղորդագրութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ պէտք է գործադրուին ամբողջական բարեկարգումներ, ինչպէս նաեւ պէտք է երաշխաւորել, որ Լիբանան չդառնայ այն վայրը, ուրկէ կրնան բռնկիլ այնպիսի շարժումներ, որոնք կրնան շրջանին ապահովական կայունութիւնը ցնցել:...

Կեդրոնական Դրամատան Որոշումով Քաղաքացին  Դրամատան Իր Տոլարով Գումարը  Պիտի Ստանայ 8000 Լ. Ոսկիի Սակով

Կեդրոնական Դրամատան Որոշումով Քաղաքացին Դրամատան Իր Տոլարով Գումարը Պիտի Ստանայ 8000 Լ. Ոսկիի Սակով

Կեդրոնական դրամատան որոշումով, լիբանանեան դրամատուներուն մէջ ամերիկեան տոլարով հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարը այսուհետեւ պիտի վճարուի 8000 լ. ոսկիի սակին վրայ, եւ ոչ 3900-ի: Ըստ որոշումին, այդ սակին համաձայն ստացուելիք գումարը ամսական դրութեամբ 3000 ամերիկեան տոլարը պէտք չէ անցնի: Կեդրոնական դրամատունը հաստատեց նաեւ, որ թիւ 151 հրամանագիրի ճշդած դրութենէն օգտուող քաղաքացիները իրենց կարգին, ամերիկեան տոլարին դիմաց իրենց ստացած լիբանանեան դրամանիշի բաժինը...

Ֆայեատ. «Ելեկտրականութեան Մարզի  Ահռելի Վիճակը Նորութիւն Չէ,  Իսկ Ելեկտրականութիւն  Հայթայթելու Իմաստով Շրջաններուն Միջեւ Խտրութիւն Չկայ»

Ֆայեատ. «Ելեկտրականութեան Մարզի Ահռելի Վիճակը Նորութիւն Չէ, Իսկ Ելեկտրականութիւն Հայթայթելու Իմաստով Շրջաններուն Միջեւ Խտրութիւն Չկայ»

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի ելեկտրականութեան մարզի ահռելի վիճակը նորութիւն չէ, այլ` տասնեակ տարիներու կուտակումի հետեւանք է: Միւս կողմէ, Ֆայեատ հաստատեց, որ ելեկտրականութիւն հայթայթելու իմաստով շրջաններուն միջեւ խտրութիւն չկայ: Ֆայեատ ընդգծեց, որ տարբեր շրջաններուն միջեւ ելեկտրականութեան հոսանքի բաշխումը արդար կերպով բաժնուած է, հակառակ անոր որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ գտնուող ելեկտրականութեան բաշխումի կեդրոնական սարքը քանդուած...

Զօր. Աուն Հիւսիսային Լիբանանը  Ականներէ Զերծ Յայտարարեց

Զօր. Աուն Հիւսիսային Լիբանանը Ականներէ Զերծ Յայտարարեց

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Պաթրունի Թուլա դպրոցին մէջ հովանաւորեց ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Մարթին Էթըրվիկը, տարբեր դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի յատուկ ներկայացուցիչ Սելին Մոյրուտ: Հանդիսութեան ընթացքին զօր. Աուն հիւսիսային Լիբանանը յայտարարեց ականներէ զերծ շրջան: Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանցինեուն ապրած այս սեւ օրերուն յուսադրիչ երեւոյթ է, որ հիւսիսային...

Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով`  Նախարար Քըրտահի Պիտի Հրաժարի

Քըրտահի. «Հրաժարականս Անձնական Որոշում Է, Եւ Կը Մաղթէի, Որ Բոլորը Գերիշխանական Ըլլային»

Նախկին նախարար Ժորժ Քըրտահի յայտնեց, որ հրաժարելու իր որոշումը անձնական էր` աւելցնելով, որ ինք բնաւ կառչած չէ եղած նախարարութեան: Ան նշեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնած էր, թէ ինք կը զօրակցի իմ որոշումիս, ինչ որ ալ ըլլայ ան: Քըրտահի յայտնեց, որ ինք բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի` նկատել տալով, որ Հըզպալլա անդրադարձաւ, որ իր կեցուածքը գերիշխանական է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1836 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 25.500 լ. ոսկիի սահմանը: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատէ Շամի յայտնեց, որ եթէ կառավարութիւնը չկարենայ վերսկսիլ իր ժողովներուն, ապա Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցելու իմաստով լուրջ դժուարութիւն կայ: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ...

Արթուր Մոսիյեան Այցելեց Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակ

Արթուր Մոսիյեան Այցելեց Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակ

Այսօր կէսօրին, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ այցելեց եւ երեսփոխանական պլոքի անդամներուն հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Արցախի հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան: Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ,Յակոբ Բագրատունի բարի գալուստ մաղթեց Արթուր Մոսիյեանին եւ ներկայացուց Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Լիբանանի մէջ տարուած աշխատանքները:Ան կեդրոնացաւ յատկապէս լիբանանցի քաղաքական դէմքերու մօտ պլոքի տարած աշխատանքներուն վրայ` լիբանանեան պետական-հանրային կարծիքին մօտ հակամարտութեան ճիշդ էութիւնը պարզաբանելու,...

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզը  Այսօր Գործադուլ Եւ Նստացոյցեր  Պիտի Կատարէ Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզը Այսօր Գործադուլ Եւ Նստացոյցեր Պիտի Կատարէ Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնէն յայտարարեց, որ ցամաքային փոխադրութեան մարզը այսօր գործադուլ յայտարարած է եւ բողոքի նստացոյցեր ու երթեր պիտի կատարէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Թլայս յայտնեց, որ նախապէս որոշուած այս նստացոյցն ու գործադուլը ջնջուած էր` վարչապետին եւ կարգ մը նախարարներու կողմէ տրուած խոստումներուն լոյսին տակ, «սակայն ցամաքային փոխադրութեան մարզին...

«Հին Տոլարը Ապրանք Մըն Է, Որուն Վրայ  «Շահաբաժին» Կայ,  Իսկ Կառավարութիւնը Լուռ Կը Մնայ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Հին Տոլարը Ապրանք Մըն Է, Որուն Վրայ «Շահաբաժին» Կայ, Իսկ Կառավարութիւնը Լուռ Կը Մնայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Նոր գողութիւն եւ նոր խաբեբայութիւն: Հին տոլարը ապրանք մըն է, որուն վրայ «շահաբաժին» կայ, իսկ կառավարութիւնը լուռ կը մնայ: Կացութիւնը այլեւս կարիքը ունի յստակ կեցուածքի»:  

Վրոնեցքա Այցելեց Նախագահ Աունի  Եւ Վարչապետ Միքաթիի

Վրոնեցքա Այցելեց Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետ Միքաթիի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն յայտնեց, թէ մտահոգուելու կարիք չկայ, որովհետեւ յառաջիկայ գարնան տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ պէտք չէ տարուիլ կարգ մը լրատուամիջոցներու կատարած ապատեղեկատուութեամբ: «Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային խիստ կերպով պիտի ընդդիմանանք ընտրողներուն վրայ կատարուելիք...

Շիիներու Գերագոյն Խորհուրդի  Փոխնախագահը  Շիայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան  Իրադարձութիւնները

Շիիներու Գերագոյն Խորհուրդի Փոխնախագահը Շիայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Շիա ցաւակցութիւն յայտնեց շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի մահուան առիթով: Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Խաթիպ հաստատեց լիբանանցիներուն միջեւ ազգային երկխօսութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` լուծելու համար երկրին տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող հարցերը: Խաթիպ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր ճիգերուն համար, որոնք ի գործ կը...

Միջազգային Դրամական Ֆոնտի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Պըրրիի Եւ Խալիլի

Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պըրրիի Եւ Խալիլի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Միջազգային դրամական ֆոնտի օգնական տնօրէն Թանոս Առվանիցի, Լիբանանի մէջ ֆոնտի նոր նշանակուած նախագահ Էռնեսթօ Ռիկօ Ռամիրեզ, նախորդ պատուիրակութեան ընթացաւարտ շրջանի պատասխանտու Մարթըն Սերիզոլա, իսկ Լիբանանի գործադիր գրասենեակի պատասխանատու Մայա Շուէյրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1994 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 24.950 լ. ոսկիի սահմանը: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր առաւօտեան ժամը 9:30-ին պիտի նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ժողովին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ մարոնի եկեղեցւոյ վերաբերող հարցեր: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն...

Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատուիրակութիւնը  Կը Խոստանայ Շարունակել Լիբանանի  Օժանդակութիւնը` Լուծելու Համար Տնտեսական Տագնապը

Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատուիրակութիւնը Կը Խոստանայ Շարունակել Լիբանանի Օժանդակութիւնը` Լուծելու Համար Տնտեսական Տագնապը

Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Միջազգային դրամական ֆոնտի օգնական տնօրէն Թանոս Առվանիցի, Լիբանանի մէջ ֆոնտի նոր նշանակուած նախագահ Էռնեսթօ Ռիկօ Ռամիրեզ, նախորդ պատուիրակութեան ընթացաւարտ շրջանի պատասխանատու Մարթըն Սերիզոլա, իսկ Լիբանանի գործադիր գրասենեակի պատասխանատու Մայա Շուէյրի: Նախագահ Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին Առվանիցի...

Page 373 of 988 1 … 372 373 374 … 988

Արխիւներ