Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Հրաւիրուած Է Ժողով Գումարելու, Այլապէս Ան Ինքզինք Տապալած Կ՛ըլլայ»

December 15, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի նախագահութեամբ:

Համախմբումին նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան ժողովները չգումարելու առումով ոչ մէկ բացատրութիւն կամ արդարացում գոյութիւն ունի այլեւս` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքները խանգարելու առաստաղը շրջանցած է քաղաքական տարակարծութիւնները եւ վերածուած ժողովուրդին սպառնացող ուղղակի վնասի, որուն պատասխանատուութիւնը կը կրեն կառավարութեան աշխատանքը արգելակողները:

Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կառավարութիւնը ժողով մը չի գումարեր, այնպիսի երկրի մը մէջ, որուն դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկուիլ: «Ինչպէ՞ս կառավարութիւնը ժողով չի գումարեր, երբ սահմանադրութեան համաձայն, ան պատասխանատու է լուծելու  լիբանանցիներուն դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապները: Կառավարութիւնը հրաւիրուած է ժողով գումարելու, այլապէս ան ինքզինք տապալած կ՛ըլլայ` սահմանադրական, քաղաքական եւ ժողովրդային առումով, իսկ իր լռութեամբ մեղսակցած կ՛ըլլայ տիրող կացութեան ու երկրին փլուզման», ըսաւ Պասիլ:

Ան հաստատեց, որ համախմբումը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ խորհրդարանը կառավարութիւնը հրաւիրէ հարցապնդման նիստի մը, որպէսզի լուսարձակի տակ առնէ անոր ժողով չգումարելու իրողութիւնը, երկրին տագնապներուն լուծում գտնելու իմաստով անոր անտարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի տրուած իրաւունքը` անհեռատես կերպով հրապարակելու հրամանագիրներ, որոնք իրենց հետեւանքները կ՛ունենան լիբանանցիներու կեանքին վրայ:

Պասիլ շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելը կարեւոր է` իմանալու համար լիբանանցիներուն ունեցած գումարներուն ճակատագիրը եւ իրագործելու համար միջազգային գետնի վրայ Լիբանանէն պահանջուած բարեկարգումի կարեւորագոյն պայմանը:

Պասիլ նշեց, որ համախմբումը կը սերտէ իրաւական եւ դատական այն կարելիութիւնները, որոնք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին դէմ կարելի է գործադրել` նկատի ունենալով լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկման մէջ իր մեղսակցութիւնը:

Պասիլ համախմբումին անունով վերստին պահանջեց կառավարութենէն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը փոխարինող մը նշանակել` նկատի ունենալով, որ անոր դէմ յարուցուած դատական հարցերը բազմացած են` ներքին եւ արտաքին առումով:

 

 

Նախորդը

Պու Հապիպ Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Պահրէյնի Բողոքի Նամակին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Պուչիքեան Օհանեանի Հետ Քննարկեց Ճարտարարուեստի Մարզի Զարգացման Վերաբերող Միջոցները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.