Լիբանանեան

Քըրըմ Կոչ Կ՛ուղղէ Վաւերացնելու «Օժերօ»-ին  Տրամադրուելիք Վարկը, Իսկ Քրէյտիէ  Կը Հաստատէ Անոր Վաւերացումը

Քըրըմ Կոչ Կ՛ուղղէ Վաւերացնելու «Օժերօ»-ին Տրամադրուելիք Վարկը, Իսկ Քրէյտիէ Կը Հաստատէ Անոր Վաւերացումը

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ երէկ զգուշացուց Լիբանանի մէջ յառաջիկայ ժամերուն կամ օրերուն հաղորդակցութեան եւ համացանցի ծառայութեան խզուելուն մասին: Քըրըմ ընդգծեց «Օժերօ»-ին տրամադրուելիք 350 միլիառ լ. ոսկիի գումարը յատկացնելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա խորհրդարանին վաւերացումը ստացած է: Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` շեշտելով այդ հարցը վերջնականապէս լուծելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի «Օժերօ» կարենայ իր կարիքները հոգալ: Քըրըմ պատասխանեց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1479 վարակուածներ եւ մահացած 12 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.200 լ. ոսկիի սահմանը: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ արդեօք ամօթալի չէ՞, որ Լիբանանի կառավարութեան ժողով գումարելու որոշումը վերածուի արաբական եւ միջազգային պահանջի: Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ նաեւ, թէ...

«Լիբանանը Չտապալելու Եւ Անոր Փլուզումը  Կասեցնելու Իմաստով Միջազգային Որոշում Կայ»   Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

«Լիբանանը Չտապալելու Եւ Անոր Փլուզումը Կասեցնելու Իմաստով Միջազգային Որոշում Կայ» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Խմբագիրներու նորընտիր սենտիքայի գործադիր խորհուրդը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանը չտապալելու եւ անոր փլուզումը կասեցնելու իմաստով միջազգային որոշում կայ: «Արտաքին եւ ներքին հովանաւորներ կը պաշտպանեն կառավարութեան աշխատանքը, որ կը շարունակուի», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ կառավարութեան հրաժարականը ամէնէն դիւրին լուծումն է, սակայն անիկա մեծ չարիք է եւ...

Ֆայեատ Ֆրանսայի Մէջ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մարզը Բարելաւելու Ծրագիրներն Ու Կարելիութիւնները

Ֆայեատ Ֆրանսայի Մէջ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մարզը Բարելաւելու Ծրագիրներն Ու Կարելիութիւնները

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան ընթացքին իր պաշտօնակիցին եւ ֆրանսացի պատասխանատուներու հետ քննարկեց ելեկտրականութեան մարզը բարելաւելու ծրագիրներն ու կարելիութիւնները: Ֆայեատ հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Պարպարա Պոմպիլիի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջուրի մարզերուն դիմագրաւած հարցերը, որոնց լոյսին տակ նաեւ քննարկուեցան երկրին ելեկտրականութեան տագնապը թեթեւցնելու քայլերը: Պոմպիլի հաստատեց, որ Ֆրանսա ամէն իմաստով պիտի...

Կութիերես Կիրակի Օր Պաշտօնական  Այցելութեամբ Պիտի Հասնի Լիբանան

Կութիերես Կիրակի Օր Պաշտօնական Այցելութեամբ Պիտի Հասնի Լիբանան

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կիրակի օր կէսօրէ ետք պաշտօնական այցելութեամբ պիտի հասնի Լիբանան: Պէյրութի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը այս մասին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի դիմագրաւած այս խոցելի փուլին ընթացքին, ընդհանուր քարտուղարին այցելութիւնը պիտի ըլլայ զօրակցական բնոյթի այցելութիւն, որուն ընթացքին Կութիերես ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ նաեւ ՄԱԿ-ի ընտանիքին` քաղաքական անձնակազմ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժեր, ինչպէս նաեւ մարդասիրական բնոյթի աշխատանք...

Իսրայէլ Կը Սպառնայ Հըզպալլային.  «Պիտի Քանդենք Լիբանանի Ենթակառոյցը»

Իսրայէլ Կը Սպառնայ Հըզպալլային. «Պիտի Քանդենք Լիբանանի Ենթակառոյցը»

Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Արտան յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլա իսրայէլացի քաղաքացիներու դէմ կրակ բանայ, ապա Իսրայէլ պիտի քանդէ Լիբանանի ենթակառոյցը: Արտան շեշտեց նաեւ, որ Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ սանձազերծուելիք որեւէ յարձակումի պարագային, իսրայէլեան ուժերը պիտի քանդեն Հըզպալլայի լիբանանեան ենթակառոյցը: Արտան «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն գրած իր սպառնալիքին կցեց լուսանկար մը, որուն մէջ կ՛երեւար լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանային շրջանին մէջ Հըզպալլայի գետնափոր անցքերէն...

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Շիան

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Շիան

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան շեշտեց Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը պաշտպանելու իր յանձնառութեան: Ան հաստատեց, որ ինք նախանձախնդիր է նաեւ արաբական երկիրներու, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն պահպանումին`...

Սլիմ. «Տագնապները Ինչքան Ալ Սրին,  Լիբանան Պիտի Մնայ Անկախ»

Սլիմ. «Տագնապները Ինչքան Ալ Սրին, Լիբանան Պիտի Մնայ Անկախ»

Պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ բանակի պաշտօնաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար անկախ չմնալ, ինչքան ալ տագնապները սրին եւ սադրանքներու հողմերը հզօրանան: Սլիմ ընդգծեց, որ Լիբանանի անկախութիւնը անոր զաւակներու զոհողութիւններուն արդիւնքն է, ինչպէս նաեւ անոնց հաւատքը` Լիբանանը իբրեւ վերջնական հայրենիք ունենալու անոնց ամէնօրեայ պայքարին: «Ժողովուրդը կը մնայ հիմը երկրին անկախութեան, որ խորքին մէջ հայրենիքին նկատմամբ հաւատքն...

Քըրըմ. «Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւնները  Յառաջիկայ Փետրուարէն Առաջ Կրնան Սնանկանալ»

Քըրըմ. «Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւնները Յառաջիկայ Փետրուարէն Առաջ Կրնան Սնանկանալ»

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ, անդրադառնալով բջիջային հեռաձայնի «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւններու պաշտօնեաներուն յայտարարած գործադուլին, յայտնեց, որ ինք պատասխանատու չէ նախապէս տիրող կացութեան` աւելցնելով, որ հաղորդակցութեան մարզը անցեալին շահեր կ՛ապահովէր, եւ անոր սակերը իւրայատուկ էին, «սակայն ներկայիս կը տիրէ  արտակարգ իրավիճակ, որուն ընթացքին կարելի չէ նոյն սակերով շարունակել, երբ ինձմէ պահանջուած է, որ պաշտօնեաներուն բժշկութիւնն ու առողջական ապահովագրութիւնը ապահովեմ», ըսաւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1606 վարակուածներ եւ մահացած 12 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.250 լ. ոսկիի սահմանը: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ատնան Թրապուլսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեխաներու դէմ բռնութեան հարցով...

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզը Երէկ Կատարեց Գործադուլ Մը Եւ Փակեց Տարբեր  Շրջաններու Մայրուղիները

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզը Երէկ Կատարեց Գործադուլ Մը Եւ Փակեց Տարբեր Շրջաններու Մայրուղիները

Մինչ ցամաքային փոխադրութեան մարզը երէկ կատարեց գործադուլ մը եւ փակեց տարբեր շրջաններու մայրուղիները` մասամբ խանգարելով քաղաքացիներուն երթեւեկը, Պաալպեքի մէջ քաղաքացի մը ինքզինք հրկիզելով մահացաւ` իբրեւ բողոք տիրող ապրուստի եւ տնտեսական դժուար կացութեան դէմ...: Ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժներու եւ փոխադրակառքերու վարորդները առաւօտեան ժամերուն փակեցին Համրայի ճամբան` Կեդրոնական դրամատան դիմաց, Տորայի եւ Ալէյի հրապարակը, Շթորայի, Փալմայի եւ Թրիփոլիի...

«Լիբանան Միջազգային Ընտանիքին Յաւելեալ  Օժանդակութեան Կարիք Ունի` Դիմագրաւելու  Տնտեսական Տագնապը»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանան Միջազգային Ընտանիքին Յաւելեալ Օժանդակութեան Կարիք Ունի` Դիմագրաւելու Տնտեսական Տագնապը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լեհական պետական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Լեհաստանի պետական նախարարներ  Պոկնա Եանքին եւ Ատամ Քվայթքովսքին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Լեհական պատուիրակութիւնը նախագահ Աունի ներկայացուց Լիբանանի մատուցուած լեհական օժանդակութիւնները` դիմագրաւելու երկրին տնտեսական տագնապը: Պատուիրակութեան համաձայն, Լեհաստան մեծ քանակութեամբ սննդեղէն եւ բժշկական օժանդակութիւն մատուցած է Լիբանանին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն...

«Տարակարծութիւնները Հարթելէ Առաջ  Կառավարութիւնը Նիստի Հրաւիրելը  Պիտի Բարդացնէ Հարցերը»   Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

«Տարակարծութիւնները Հարթելէ Առաջ Կառավարութիւնը Նիստի Հրաւիրելը Պիտի Բարդացնէ Հարցերը» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աունի կողմէ հրաւիրուած կնոջ, խաղաղութեան եւ ապահովութեան վերաբերող ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւի գործադրութեան աշխատանքները դիւրացնող յանձնախումբի ժողովին: Ժողովին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ բոլորէն պահանջուած է վերջ տալ այն տեսակէտին, թէ կառավարութիւնը քաղաքական պարանաձգութեան պատնէշն է: «Ճիշդ է, որ կառավարութեան աշխատանքը կը շարունակուի նախարարական յանձնախումբերու նիստերուն եւ...

Պուչիքեան Մեկնարկը Կատարեց  «Լուպնանի» Ե-Հարթակին

Պուչիքեան Մեկնարկը Կատարեց «Լուպնանի» Ե-Հարթակին

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ մեկնարկը կատարեց «Լուպնանի» ե-հարթակին` շեշտելով, որ ճարտարարուեստի մարզի լիբանանցի սեփականատէրը կարիքը ունի նման հարթակի մը, որ կը ծառայէ շուկայադրելու իր արտադրութիւնները, այնպէս ինչպէս «Ամազոն»-ի ե-հարթակը: Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ շուկայադրումի օղակը որքան ընդարձակուի, այնքան կ՛աւելնայ ազգային արտադրութիւններու պահանջը: Ան կոչ ուղղեց ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դեսպանատուներու տնտեսական կցորդներուն` քաջալերելու այս ընթացքը, որովհետեւ...

Կրիօ. «Ֆրանսական-Սէուտական Օժանդակութիւնները  Պիտի Չկատարուին Լիբանանեան Պետութեան Միջոցաւ»

Կրիօ. «Ֆրանսական-Սէուտական Օժանդակութիւնները Պիտի Չկատարուին Լիբանանեան Պետութեան Միջոցաւ»

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ծոցի երկիրներ կատարած այցելութիւնը եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի հետ հանդիպումին արդիւնքները պէտք է լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ դրական կերպով ընկալուին: Կրիօ հաստատեց, որ Լիբանան պէտք է գործադրէ իրմէ պահանջուած բարեկարգումները` կասեցնելու համար տնտեսական եւ ելեւմտական փլուզումը, ինչպէս նաեւ պէտք է հակակշիռի տակ առնէ իր ցամաքային...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1912 վարակուածներ եւ մահացած 14 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.000 լ. ոսկիի սահմանը: ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես վաղը` շաբաթ, 18 դեկտեմբեր 2021-ին պիտի ժամանէ Պէյրութ, ուր պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան պետերուն, քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն եւ...

«Կառավարութիւնը Իր Խոստումներուն Յանձնառու  Պիտի Մնայ` Գործադրելու Համար Միջազգային  Դրամատան Ֆինանսաւորած Ծրագիրները»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Կառավարութիւնը Իր Խոստումներուն Յանձնառու Պիտի Մնայ` Գործադրելու Համար Միջազգային Դրամատան Ֆինանսաւորած Ծրագիրները» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Արեւելքի տնօրէն Սարուժ Քումարճահը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան ֆինանսաւորած ծրագիրները, յատկապէս ընկերային ապահովութեան ցանցի ստեղծման ծրագիրը, որ կարիքաւոր լիբանանցիներուն նիւթական օժանդակութիւն կ՛ապահովէ: Քումարճահ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, որ զօրակցեցաւ այս ծրագիրի մշակումին` օժանդակելու համար մեծ թիւով կարիքաւոր ընտանիքներու: Քումարճահ հաւանական նկատեց, որ նիւթական օժանդակութիւնները սկսին...

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Պիտի Կատարուին, Իսկ Թաէֆին  Չզօրակցողները Յայտնի Են»

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին, Իսկ Թաէֆին Չզօրակցողները Յայտնի Են»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Խմբագիրներու նորընտիր սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆին եւ սենտիքայի անդամները: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն 99 առ հարիւրին պատճառները ներքին լիբանանեան են` աւելցնելով, որ անոնք մէկ օրուան մէջ չեն ստեղծուած, այլ` 1989-ին Թաէֆի համաձայնագիրի ստորագրութենէն ի վեր: «Թաէֆին չզօրակցողները եւ անոր օրէնքներն ու այդ սահմանադրութիւնը չգործադրողները յայտնի են: Ափսոս...

Մաուլաուի. «15 Հազար Պաշտօնեայ  Կը Պատրաստենք` Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Կազմակերպելու Համար»

Մաուլաուի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ Պահրէյնցի Իր Պաշտօնակիցէն

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ պահրէյնցի իր պաշտօնակից շէյխ Ռաշետ Պըն Ապտալլա Ալ Խալիֆայէն: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ միացեալ ապահովական թղթածրարներ` հասնելով մինչեւ անցեալ շաբաթ օր պահրէյնեան «Ուիֆաք» միութեան Պէյրութի մէջ կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը: Մաուլաուի շեշտեց, որ ինք յանձնառու է Պահրէյնի ապահովութեան ու կայունութեան երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ կը...

Լիբանանեան-Բրիտանական Յարաբերութիւնները  Ամրապնդելու Ծրագրաւորում

Լիբանանեան-Բրիտանական Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Ծրագրաւորում

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախագահեց լիբանանեան-բրիտանական փոխադարձ գործակցութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտ: Նախքան նիստին գումարումը, Պու Հապիպ եւ Քոլարտ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը: Միւս կողմէ, նիստին ընթացքին Պու Հապիպ եւ դեսպան Քոլարտ հաստատեցին, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու...

Page 371 of 988 1 … 370 371 372 … 988

Արխիւներ