Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու Կառավարութիւն Մը, Որուն Շուրջ Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Համախմբուին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի արաբ եւ օտար երկիրներու դեսպաններուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը կարելի է ապահովել լիբանանցիներուն միասնականութեամբ: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները միասնականութենէն եւ համագործակցութենէն բացի այլ միջոց կամ ելք չունին: «Միասնականութիւնն է երկրին դիմագրաւած տագնապին լուծման կախարդական բանալին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ աշխարհը կը փափաքի օժանդակել մեզի, եթէ մենք մեզի օժանդակենք: «Ոչ ոք մեզի...




















