Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ վերահաստատեց երեքշաբթի, 7 յունիս 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին գումարելիք նիստը` կատարելու համար խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերուն ընտրութիւնը:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ ընդունեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ խորհրդարանի նախագահին ներկայացուց Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Պըրրի խորհրդարանի նախագահ վերընտրուելու առիթով շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ շարք մը անձնաւորութիւններէ, որոնց շարքին են` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմի, նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի եւ Հասսան Տիապ, Համասի քաղաքական խորհուրդի ղեկավար Իսմայէլ Հանիէ, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ: