Միքաթի Տաշթիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ ԷՍՔՈՒԱ-ի Միջեւ Գործակցութիւնը Բարելաւելու Հեռանկարները
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ԷՍՔՈՒԱ-ի գործադիր ներկայացուցիչ Ռուլա Տաշթին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ ԷՍՔՈՒԱ-ի գործունէութիւնը եւ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: Տաշթի պատրաստակամութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան ջանքերուն զօրակցելու եւ անոր ներկայացնելու բարգաւաճման վերաբերող ուսումնասիրութիւններ եւ ռազմավարութիւններ: Միքաթի ընդունեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս...



















