Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու Կառավարութիւն Մը, Որուն Շուրջ Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Համախմբուին

Յունիս 6, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի արաբ եւ օտար երկիրներու դեսպաններուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը կարելի է ապահովել լիբանանցիներուն միասնականութեամբ:

Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները միասնականութենէն եւ համագործակցութենէն բացի այլ միջոց կամ ելք չունին: «Միասնականութիւնն է երկրին դիմագրաւած տագնապին լուծման կախարդական բանալին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ աշխարհը կը փափաքի օժանդակել մեզի, եթէ մենք մեզի օժանդակենք: «Ոչ ոք մեզի կը սիրէ, այնքան ինչքան մենք մեզ կը սիրենք, եւ ոչ ոք կրնայ մեզի աջակցիլ, եթէ մենք իրարու չաջակցինք: Հետեւաբար, եթէ մենք մեզի չենք օժանդակեր, ինչպէ՞ս կ՛ակնկալենք, որ ուրիշը մեզի օժանդակէ», հարց տուաւ Պըրրի:

Ան հաստատեց, որ հայրենիքի փրկութեան համար անհրաժեշտ է միասնականութիւնը ամրապնդել, ինչպէս նաեւ փակել երեսփոխանական ընտրութիւններուն էջն եւ անոր կապուած տարակարծութիւններուն էջը: «Անշուշտ չեմ ըսեր, որ իբրեւ կուսակցութիւններ եւ քաղաքական ուժեր պէտք է զիրար ամբողջացնենք կամ միաձուլուինք, այլ` համաձայնինք, գործակցինք եւ միասնաբար աշխատինք Լիբանանի շահերուն ապահովման ի խնդիր: Միասին մուտք գործենք այն դաշտը, ուր կարելի է Լիբանանի տագնապներուն լուծումները ապահովել եւ լիբանանցիները փրկել իրենց դիմագրաւած աղէտէն: Այս է այն ուղին, որուն վրայ պէտք է քալենք, այլապէս` երկիրը պիտի առաջնորդուի դէպի փորձանքներ, քանդում եւ անձնասպանութիւն», ընդգծեց Պըրրի:

Ան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որուն շուրջ քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբուին, եւ խորհրդարանը վերածուի աշխատանքային աշխուժ բջիջի մը, որ օժանդակէ եւ նեցուկ կանգնի կառավարութեան աշխատանքը արդիւնաւէտ դարձնելու, որուն հիմամբ ալ կարելի պիտի ըլլայ մեղմացնել լիբանանցիներուն դիմագրաւած տագնապն ու կենցաղային տառապանքը:

«Մեր ձեռքն է նորընտիր խորհրդարանը վերածել խոհանոցի մը, որ կարենայ բոլոր լիբանանցիներուն սնունդը ապահովել եւ անոնց տառապանքը մեղմացնել. բոլորը անկեղծ են փրկութեան կամք ունենալու իմաստով», եզրափակեց Պըրրի:

Պըրրի–Պու Սաապ Հանդիպում

Շաբաթ կէսօրէ ետք, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւններն ու խորհրդարանական աշխատանքը աշխուժացնելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պու Սաապ յայտնեց, որ Պըրրի յանձնառու է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին աշխատանքները սկսելու` ամբողջացնելէ ետք խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերուն ընտրութիւնը: «Կան նաեւ շարք մը հարցեր, որոնք անլոյծ մնացած են` նախկին կառավարութեան կողմէ. անոնց լուծման շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք, գործակցելով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ», ըսաւ ան:

Պու Սաապ յայտնեց, որ ինք Պըրրիի մօտ դրական կեցուածք շօշափած է արծարծուած հարցերուն առումով` աւելցնելով, որ այդ կեցուածքը պիտի ներկայացնէ նաեւ նախագահ Աունին, որ իր կարգին Պըրրիին յղած էր որոշ պատգամ մը:

«Յառաջիկայ օրերուն պիտի կարենանք լիբանանցիներուն ցոյց տալ, թէ կան հարցեր, որոնք լուծման ուղիին վրայ կը գտնուին եւ անոնց դրական իսկութիւնը պիտի արտացոլայ այլ իրականութիւններու նկատմամբ», ընդգծեց Պու Սաապ:

 

Նախորդը

Բանակը Շարաուինայի Մէջ Կը Շարունակէ Հետապնդումները

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Վիճելի Շրջաններուն Մէջ Խախտումներ Կատարելու Իսրայէլեան Փորձեր

RelatedPosts

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ  Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին
Գլխաւոր լուրեր

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

Դեկտեմբեր 5, 2023
Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց  Խորհրդարանի Նախագահին
Լիբանանեան

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Դեկտեմբեր 5, 2023
Պու Սաապ Պոմպարտիերիի Հետ Քննարկեց  Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները
Լիբանանեան

Պու Սաապ Պոմպարտիերիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Դեկտեմբեր 5, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In