Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 4, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 130 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ հոգի:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.200 լ. ոսկի է:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց պետական քննութեանց նախապատրաստական աշխատանքները: Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, որ Միքաթիի հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը: Խաթիպ անհրաժեշտ նկատեց ազգային փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը` Լիբանանը վիհէն դուրս բերելու նպատակով:

ԵՐԷԿ կէսօրէ առաջ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Լայլաքի շրջանին մէջ լսուեցան կրակոցներ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ դեղորայքին սակերը շաբաթական դրութեամբ պիտի ճշդուին` աւելցնելով, որ Լիբանանի առողջապահութեան մարզը իր աշխատուժին 40-50 առ հարիւրը կորսնցուցած է: Նշենք, որ նախանցեալ օր յստակ դարձած էր, թէ Ապիատ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 23.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 45.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 7000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը հասաւ 624.000 լ. ոսկիի, 98 օքթան պենզինի սակը` 635.000 լ. ոսկիի, մազութը` 619.000 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազը` 365.000 լ. ոսկիի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հանի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ տակաւին չեն քննարկած, թէ վարչապետի պաշտօնին համար ո՞վ է իրենց թեկնածուն: Ան աւելցուց նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահի, փոխնախագահի եւ դիւանի ընտրութենէն ետք ինք Պաապտա չէ այցելած, որովհետեւ նման աւանդներ չի նախընտրեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն փուլը արդէն իրենց ետին մնացած է` աւելցնելով, որ իրենք այդ գործընթացին մէջ չեն գտնուիր` պաշտօններ ստանալու համար, այլ` ծառայութեան եւ աշխատանքի նպատակով:

ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ ժողովրդային բողոքի շարժումներ արձանագրուած են` ելեկտրականութեան շարժակի սակին սղութեան եւ տնտեսական պայմաններուն վատթարացման դէմ:

ՓՈՒՌԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահը զգուշացուց մօտալուտ աղէտէ մը, եթէ Կեդրոնական դրամատունը շարունակէ ցորեն ապահովելու նպատակով ամերիկեան տոլարի յատկացում չկատարել եւ հացի տագնապ պատճառել:

 

 

Նախորդը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր. «Ապագայ Լրագրող»-ներու Ծրագիրը Վերսկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Շարաուինայի Մէջ. Բանակային Մը Կը Նահատակուի Եւ 5 Ուրիշներ Կը Վիրաւորուին

RelatedPosts

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Մտային  Սեփականութեան Ազգային  Օրուան Առիթով Կլոր Սեղանին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Մտային Սեփականութեան Ազգային Օրուան Առիթով Կլոր Սեղանին

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.