Երանելիներու շարքին կը դասուին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներ Լէոնար Մըլքին եւ Թումա Սալեհը. լիբանանցի երկու վանականները սպաննուած են Թուրքիոյ մէջ 1915-1917 թուականներուն` «ի ատելութիւն հաւատքի»: Հայր Լէոնար Մըլքին, նախքան մահապատիժը, մէկ շաբաթ ծեծի ենթարկուած է եւ խոշտանգուած:
Շաբաթ, 4 յունիսին, Լիբանանի լատին եկեղեցւոյ Քափուչինեան միաբանութեան վանականներուն կողմէ նշուեցաւ լիբանանցի քահանաներ Լէոնար Մըլքիի եւ Թումա Սալեհի երանացումի արարողութիւնը` Տէյր Սալիպի մէջ:
Երանացման արարողութեան ներկայ էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս:
Երանացման ծիսակատարութեան նախագահեց Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ, կարտինալ Մարչելօ Սեմերարոն` Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու պատրիարքներուն ներկայութեամբ: Արարողութեան մասնակցեցաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի:
Ֆրանչիսկոս պապը 27 հոկտեմբեր 2021-ին արտօնութիւն տուած էր հրապարակելու Աստուծոյ ծառաներ հայր Լէոնար Մըլքիի եւ հայր Թումա Սալեհի նահատակութեան վերաբերեալ հրամանագիրները: Անոնք Քափուչինեան միաբանութեան հայրեր են, որոնք սպաննուեցան «ի ատելութիւն հաւատքի» Թուրքիոյ մէջ: Պապին կողմէ անոնց նահատակութեան ճանաչումը թոյլ տուաւ սկսելու երանացումի հոլովոյթին` առանց հրաշքի ճանաչման անհրաժեշտութեան:
Քափուչինեան երկու միաբանները` ծագումով Պաապտաթէն, ձերբակալուած, խոշտանգուած եւ սպաննուած են Թուրքիոյ մէջ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին:
Հայր Լէոնար Մըլքին (1881-1915), երբ հրաժարեցաւ իր հաւատքը ուրանալէ, մէկ շաբաթ դաժան ծեծի ու խոշտանգումներու ենթարկուեցաւ եւ հարիւրաւոր քրիստոնեայ այլ բանտարկեալներու հետ միասին անապատ տարագրուեցաւ: 11 յունիս 1915-ին հայր Մըլքին սպաննուեցաւ եպիսկոպոս եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի (1869-1915) եւ այլ 415 անձերու հետ միասին:
Հայր Թումա Սալեհը (1879-1917) ձերբակալուելով եւ դատապարտուելով մահապատիժի` այլ բանտարկեալներու հետ ձմրան կիսուն աքսորուած էր Մարաշ` թուրք զինուորներու դասակի ուղեկցութեամբ: Մահացած է 18 յունուար 1917-ին աքսորի ճամբուն վրայ` խիզախօրէն կրկնելով. «Ես լիովին կը վստահիմ Աստուծոյ, չեմ վախնար մահէն»:
Նշենք, որ զոյգ միաբաններուն երանացման առիթով երէկ կէսօրէ ետք մատուցուեցաւ գոհաբանական պատարագ` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: