Լիբանանեան բանակը անցեալ շաբաթավերջին շարունակեց Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին մէջ իր ներխուժումներն ու հետապնդումները` ձերբակալելու համար Ապու Սալլէ կոչեցեալ յանցագործը, որուն բուն անունը Ալի Զաայթեր է:
Բանակը շարունակեց նաեւ հետապնդել բոլոր անոնք, որոնք անցեալ ուրբաթ բանակային զօրամասը կրակոցի թիրախ դարձուցած էին:
Այս շրջագիծին մէջ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ շաբաթ, 4 յունիսին, Շարաուինայի մէջ գտնուող Ն.Զ.-ի եւ Թ. Հ.-ի բնակարաններէն գրաւած է զէնք, զինամթերք, տեսախցիկներ, թմրեցուցիչի տեսականի` հաշիշ, քոքային, մարիկուանա, թմրեցուցիչի պատրաստութեան նպատակով քիմիական նիւթեր, քեփթակոն եւ թմրանիւթի պատրաստութեան սարք մը:
Կիրակի, 5 յունիս 2022-ին բանակը Շարաուինայի մէջ ձերբակալեց երկու յանցագործներ, ինչպէս նաեւ գրաւեց մեծ քանակութեամբ զէնք, զինամթերք եւ թմրեցուցիչ:
Բանակը հաղորդեց նաեւ, որ Շարաուինայի մէջ կատարած իր ներխուժումներուն ընթացքին վիրաւորուած են երկու բանակայիններ:
Բանակը արեւմտեան Պաալպեքի Ժեպաա գիւղաքաղաքին մէջ շրջափակեց կարգ մը յանցագործներու բնակարանները, ուր արձանագրուեցան զինեալ բախումներ:
Երէկ կէսօրէ ետք բանակը Արեւմտեան Պեքաայի Քարաոն շրջանին մէջ նաեւ ներխուժեց Պ. Թ.-ի բնակարանը, որ Ապու Սալլէի փախուստը ապահոված կասկածելիներէն էր:
Միւս կողմէ, արեւմտեան Պաալպեքի Պուտայ շրջանին մէջ բանակի հրամանատարութիւնը հողին յանձնեց նահատակ զինուոր Զէյն էլ Ապիտին Շամասը` ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, Պաալպեք-Հերմել երեսփոխանական պլոքի անդամներուն, բանակի սպաներուն եւ քաղաքական ուժերու եւ ընկերային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Յուղարկաւորութեան ընթացքին Շամաս արժանացաւ նահատակութեան շքանշանին:
Այս առիթով արտասանուեցաւ խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ բանակին զոհողութիւններուն, ինչպէս նաեւ նահատակ Շամասի դերակատարութեան:
Նշենք, որ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հերքեց վիրաւորուած զինուոր Ուիսամ Սաքըրի նահատակութեան լուրը` հաստատելով, որ ան տակաւին բուժման կ՛ենթարկուի:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իր գրառումին մէջ բանակին զօրակցութիւն յայտնեց` Պաալպեքի մէջ կարգ ու կանոն եւ պետական իշխանութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու եւ յանցագործները ձերբակալելու իմաստով:
Միքաթի ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ զինուորի ընտանիքին եւ ապաքինում` վիրաւոր բանակայիններուն: «Աստուած պահպանէ Լիբանանն ու անոր բանակը», գրեց Միքաթի: