Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները կը մնան լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն գործունէութեան հիմնական կիզակէտը:
Բայց եւ այնպէս, նախագահական պալատի աղբիւրներ կը հաստատեն, որ խորհրդարանին կողմէ յղուած նորընտիր երեսփոխաններուն անուանացանկը, որուն մէջ նշուած են նաեւ երեսփոխանական պլոքներն ու անկախ երեսփոխանները, անմիջապէս պիտի չօգտագործուի` զանոնք խորհրդակցութեան հրաւիրելու:
Պաապտայի կողմէ արձանագրուած յապաղումին նպատակն է առիթ տալ նորընտիր խորհրդարանին, որ երեքշաբթի, 7 յունիս 2022-ին լիագումար նիստին ընթացքին վերջնականացնէ իր մնայուն յանձնախումբերուն ընտրութիւնը` անոնց նախագահներով եւ զեկուցաբերներով:
Պաապտայի կողմէ յապաղումը կը միտի նաեւ առիթ ընծայել վարչապետի պաշտօնի թեկնածուներուն առաջադրելու իրենց թեկնածութիւնը, որպէսզի անոր հիման վրայ կատարուին երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի անունը կը մնայ այս փուլին ընթացքին գերակշռող անունը, որուն կը զօրակցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ շրջանակը:
Միւս կողմէ, կան երեսփոխանական այլ պլոքներ եւ համախմբումներ, որոնք կը մերժեն Միքաթիի թեկնածութիւնը, առանց սակայն այլ թեկնածու մը ունենալու:
Այստեղ կ՛արժէ նշել նաեւ, որ ֆրանսացիները Լիբանանի տագնապի լուծման առումով իրենց սկսած խորհրդակցութիւնները ընդարձակած են` ներառելով նաեւ ամերիկեան եւ սէուտական քաղաքական շրջանակները:
Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքին պարագային արձանագրուած է փոփոխութիւն` այն առումով, որ Ռիատ Լիբանանի նկատմամբ իր անտարբերութենէն դուրս եկած է եւ նուազագոյնը չի մերժեր օժանդակել Լիբանանի կառավարութեան, որպէսզի երկրին պայմանները բարելաւուին: Բայց եւ այնպէս Սէուտական Արաբիոյ համար նախընտրելի է մաս չկազմել այս կամ այն թեկնածուին զօրակցելու արշաւին:
Ֆրանսացիները իրենց կեցուածքներուն մէջ յստակ են եւ անոնք կը փափաքին Միքաթին պահել վարչապետի պաշտօնին վրայ: Այս առումով Փարիզ նաեւ սկզբնական համաձայնութիւն մը ստացած է Ուաշինկթընէն` Միքաթիի թեկնածութեան վերաբերեալ:


