Ճ. Պուչիքեան Կոչ Ուղղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն Լիբանանեան Արտադրութիւնները Քաջալերելու
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք նախագահական պալատէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկած է ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող հարցեր: Ճ. Պուչիքեան անդրադարձաւ ճարտարարուեստի մարզին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հաւանական լուծումներուն: Միւս կողմէ, Պուչիքեան հաստատեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է Եւրոպա արտածուող լիբանանեան զանազան արտադրութիւնները,...



















