Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու նախկին օգնական Տէյվիտ Հէյլ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրած արդիւնքներուն լոյսին տակ գրեց յօդուած մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Հըզպալլայի ու անոր դաշնակիցներուն ստանձնած պաշտօններուն` հաստատելով, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք Հըզպալլա միակ խմբաւորումն է, որ զինաթափ չէ եղած:
Անդրադառնալով սիւննի համայնքին` Հէյլ նկատել տուաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն սիւննի համայնքին մասնակցութեան համեմատութիւնը ցոյց կու տայ, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի տակաւին տէրն է իր ընտրազանգուածին:
Հէյլ հետաքրքրական նկատեց Հըզպալլայի ընդդիմադիր քրիստոնէական ուժերու արձանագրած յաղթանակը` աւելցնելով, որ ներկայ փուլին բոլոր ժամանակներէն աւելի դժուար է նոր կառավարութիւն մը կազմելը` նկատի ունենալով ներկայ խորհրդարանին երկփեղկուած իրավիճակը:
Հէյլ յայտնեց, որ մինչեւ 31 հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւնը յաւելեալ լարուածութիւն պիտի ստեղծուի:
Ան դիտել տուաւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կրնայ լիբանանցիները երկխօսութեան հրաւիրել` իշխանութեան նոր եւ յանդուգն համակարգ մը մշակելու նպատակով:
Հէյլ անհրաժեշտ նկատեց զսպել Հըզպալլան` աւելցնելով, որ արդէն իսկ հասած է ժամանակը, երբ Միացեալ Նահանգներ պէտք է արժեւորում կատարեն, թէ ամերիկացի պատասխանատուներուն համար Լիբանանը առաջնահերթութի՞ւն է, թէ՞ ո՛չ: «Միացեալ Նահանգներ պէտք է ըլլան իրապաշտ, հաւասարակշռուած եւ պատրաստ գործելու, եթէ Լիբանան ամբողջութեամբ փուլ գայ», կը գրէ Հէյլ:


