Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին մէջ բանակին գործադրած ներխուժումին ընթացքին արձանագրուած են զինեալ բախումներ, որոնց պատճառով նահատակուած է բանակային մը եւ վիրաւորուած են 5 ուրիշներ:
Բանակը իր կատարած այս գործողութեան ընթացքին ձերբակալած է շարք մը յանցագործներ:
Նշենք, որ զինեալ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած է նաեւ Ապու Սալլէ ածականը կրող յանցագործ մը, որ սակայն իր ընկերներուն օժանդակութեամբ կրցած է փախուստ տալ:
Բանակը Շարաուինայի մէջ կը շարունակէ Ապու Սալլէն եւ անոր ընկերակցող յանցագործները փնտռելու արշաւը:


