Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուահապ. «Հարիրին Չէզոք Պահուեցաւ, Որպէսզի Շրջանային Համաձայնութեան Մը Շրջագիծին Մէջ Լիբանան Վերադառնայ»

Յունիս 3, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ ընտրուելու համար Նեպիհ Պըրրի ստացաւ Ժողովրդավարական հանդիպումին քուէները, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կարգ մը երեսփոխաններուն քուէները:

Ան նկատել տուաւ, որ բարեկարգչական երեսփոխաններուն կողմէ իշխանութեան թեկնածուն ընտրելը անոնց առաջին լուրջ ձախողութիւնը կը նկատուի` աւելցնելով, որ անոնք պէտք էր ձեռնպահ մնալու կամ սպիտակ քուէին կառչած մնային:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի կեցուածքին` Ուահապ հաստատեց, որ իր տեղեկութիւնները կ՛ընդգծեն, թէ Հըզպալլա չի փափաքիր խորհրդարանին կամ կառավարութեան տէրը դառնալ, այլ` կը պնդէ, որ բոլոր ուժերը մասնակցին:

Երկրին սնանկացումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ուահապ նշեց, որ երկիրը 30 տարիէ ի վեր սնանկացած է` դիտել տալով, որ Հըզպալլան անոր պատասխանատու չէ, որովհետեւ ան ուշ մաս կազմած է իշխանութեան: «Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ հանրապետութեան նախագահը պատասխանատու չէ երկրին ելեկտրականութեան տագնապին», հաստատեց ան:

Այս շրջագիծին մէջ Ուահապ խնդրեց, որ ուժանիւթի նախարարութիւնը յանձնուի բարեկարգչականներուն:

Ան մէջբերեց արաբ պատասխանատուի մը խօսքը` նշելով, որ Լիբանան յառաջիկայ հինգ տարիներուն պիտի սպասէ շրջանային համաձայնութեան, որ ուղղակիօրէն կապուած է սէուտական-իրանեան եւ սէուտական-սուրիական մերձեցման: «Նոյն պատասխանատուն աւելցուց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի ամբողջական փլուզում», ըսաւ Ուահապ:

Ան շեշտեց, որ ամերիկեան վարչակազմին համար Լիբանանի մէջ կան երկու կարմիր գիծեր, որոնք են` Կեդրոնական դրամատունն ու լիբանանեան բանակը, որովհետեւ անոնք լաւ գիտեն, որ առանց այս երկուքին Լիբանան կը տապալի:

Նախագահական ընտրութիւններուն մասին Ուահապ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ընտրութեան կարելիութիւնները աւելի բարձր են, քան` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կարելիութիւնը:

Վարչապետի հաւանական թեկնածուին մասին խօսելով` Ուահապ շեշտեց, որ Նեժիպ Միքաթի կը մնայ ամէնէն հաւանականը` դիտել տալով, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ Միքաթիի թեկնածութեան:

«Լիբանան գողցուած երկիր է եւ ոչ թէ սնանկացած», ընդգծեց Ուահապ` նշելով, որ շրջանային մակարդակի վրայ ամերիկեան-իրանեան համաձայնութիւն պիտի չգոյանայ, որովհետեւ Իրան միայն իր նախապայմաններուն համաձայն պիտի ստորագրէ համաձայնագիրը:

Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի չէզոք պահուեցաւ, որպէսզի շրջանային համաձայնութեան մը շրջագիծին մէջ ան Լիբանան վերադառնայ: «Հարիրի փաստեց, որ սիւննի համայնքին մակարդակով ինք հզօրագոյնն է», ըսաւ Ուահապ` աւելցնելով, որ Լիբանանի տագնապը անկարելի է լուծել, եթէ ամերիկեան-սուրիական-սէուտական-իրանեան համաձայնութիւն մը չգոյանայ` ֆրանսական հովանաւորութեամբ եւ իմարաթական ու քաթարեան միջամտութեամբ:

Նախորդը

Միջազգային Դրամատունը Լիբանանի Հետ Ռազմավարական Իր Գործակցութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց

Յաջորդը

Խորհրդարանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները` Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?