Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլայի Հետ Հաւանական Ընդհարումի Մը Պարագային` Թշնամի Իսրայէլ Քանդիչ Բեմագրութիւն Մը Կը Պատկերացնէ Ինքնիրեն

Յունիս 6, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ Աւիվ Քոխաւի յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ յաջորդ պատերազմը վատ հետեւանքներ պիտի ունենայ Իսրայէլի համար:

Քոխաւի նշեց, որ Հըզպալլայի հետ հաւանական ընդհարումի մը պարագային, Իսրայէլ քանդիչ բեմագրութեան մը դէմ յանդիման կրնայ գտնուիլ: «Հըզպալլա օրական դրութեամբ եւ միջին հաշուով 1500 հրթիռ կրնայ արձակել Իսրայէլի դէմ, եւ հաւանական է, որ 9 օրուան ընթացքին 300 իսրայէլացիներ սպաննուին հրթիռակոծումին պատճառով», շեշտեց ան:

Քոխաւի նշեց, որ Դիմադրութեան «Ռատուան» զօրամասի տապալումը կ՛ենթադրէ իսրայէլեան հետեւակազօրքով ներթափանցում կատարել լիբանանեան հողեր եւ ցամաքային մարտեր ու բախումներ ունենալ Հըզպալլայի դէմ:

Իսրայէլեան «Մաարիվ» թերթին համաձայն, իսրայէլացի բարձրաստիճան զինուորականներ կը հաստատեն, որ Հըզպալլա ունի աւելի քան 100 հազար հրթիռ, որոնք հեռահար են եւ կրնան Իսրայէլին մեծ վնասներ պատճառել:

Զինուորականները շեշտած են, թէ Իրան նման հրթիռներ  Հըզպալլային կը տրամադրէ 2007-էն ի վեր:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի կատարած վերջին ռազմափորձը կեդրոնացած էր ցամաքային մարտերու պատրաստուելու վրայ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ գտած էր իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան հզօրացումը, որպէսզի այդ մարտավարութեամբ Իսրայէլ կարենայ Լիբանանի մէջ հարուածել մեծ թիւով` տասնեակ հազարաւոր թիրախներ:

Միւս կողմէ, ուրբաթէն շաբաթ լուսցող առաւօտեան կանուխ ժամերուն իսրայէլեան ուժեր սահմանային Հաունին եւ Մարքապա գիւղաքաղաքներուն դէմ արձակեցին լուսաձայնային նռնակներ, ինչպէս նաեւ զինուորական ճամբուն վրայ զրահապատներով շրջեցան:

Նշենք, որ իսրայէլեան ուժերը շաբաթավերջին ազատ արձակեցին Շեպաայի Պասթրա բարձունքին վրայ իրենց ձերբակալած լիբանանցի հովիւը, որ իր հօտը կ՛արածէր ազատագրուած լիբանանեան տարածքներուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Եասին. «Պէտք Է Վերատեսութեան Ենթարկել Թիւ 29 Սահմանագիծին Վերաբերող Թիւ 6433 Հրամանագիրը Եւ Այդ Մասին Անմիջապէս Տեղեակ Պահել ՄԱԿ-ը»

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Թշնամին Իրաւունք Չունի Նաւթ Արտահանելու Եւ Կամ Որեւէ Քայլ Առնելու Թիւ 29 Սահմանագիծի Հիւսիսային Շրջանին Մէջ»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?