Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 3, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 133 վարակուածներ եւ մահացած մէկ պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.000 լ. ոսկի է:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, ինչպէս նաեւ Չինաստանի դեսպան Չիան Մինճիանը, որոնց հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու կարելիութիւնը: Պու Հապիպ Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն խնդրեց համաձայն գտնուիլ թիւ 11-րդ յօդուածին, որուն համաձայն, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումին համաձայն ըլլալու կողքին պահանջուած է այդ երկիրներէն լիբանանեան բանակին տրամադրել օժանդակութիւններ` վառելանիւթ եւ բժշկութեան կարելիութիւն, որպէսզի լիբանանեան բանակին շրջուն ջոկատները իրենց կարգին շարունակեն ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ սահմանապահի իրենց գործունէութիւնը կատարել:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար յայտնեց, որ նախարարութիւնը հրապարակած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն, զբօսաշրջական հաստատութիւնները իրաւունք ունին ամերիկեան տոլարով ճշդելու իրենց սակերը, որպէսզի Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն համար աւելի դիւրին ըլլան գործառնութիւնները: Հրամանագիրին համաձայն, տոլարով ճշդուած գումարը կարելի է վճարել նաեւ լիբանանեան դրամանիշով: Միւս կողմէ, Նասսար Հըզպալլայի եւ Ամալի տեղեկատուական գրասենեակներէն պահանջեց օդակայանի ճամբուն վրայ իրենց խորհրդանիշները մեղմացնել եւ բարձրացնել լիբանանեան զբօսավայրեր խորհրդանշող պաստառներ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ կոչ ուղղեց կազմելու շտապ յանձնախումբ մը, որուն նպատակն է Պեքաայի եւ Ռաշայայի կենցաղային հարցերուն լուծումներ գտնել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց սկսելու երկխօսութեան առանցքի մը` լուծելու համար այն հարցերը, որոնց շուրջ լիբանանցիներուն միջեւ տարակարծութիւններ կան: Ֆայեատ ընդգծեց, որ ներկայ կացութիւնը շտապ, արտակարգ եւ անմիջական շարժում կ՛ենթադրէ:

ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ իրեն համար անհասկնալի է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի յայտարարութիւնը` 8 մարտի ուժերուն դէմ ընդդիմութեան ուժերուն տարտղնուած ըլլալուն մասին: «Ինչպէ՞ս նման յայտարարութիւն մը կատարէ, երբ անոր պլոքը Նեպիհ Պըրրին խորհրդարանի նախագահ վերընտրած է», հարց տուաւ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի սպանութեան 35-րդ տարելիցին առիթով: Արսլան նշեց, որ Թրիփոլին եւ անոր բնակիչները հաւատարիմ պիտի մնան Ռաշիտ Քարամէի աւանդին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի կուսակցութիւններու եւ քաղաքական հոսանքներու թեկնածուներէն հեռու կառավարութեան մը:

ՊԸՆԹ Ժպէյլի մէջ նախանցեալ գիշեր արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` խումբ մը սուրիացի քաղաքացիներու եւ Մարուն Ռասի բնակիչներուն միջեւ: Զինեալ բախումները արձանագրուեցան, որովհետեւ սուրիացի քաղաքացիներ խոշտանգած էին Մարուն Ռասի բնակիչներէն քանի մը հոգի, այն աստիճան, որ անոնք փոխադրուած էին հիւանդանոց: Զինեալ բախումները դադրեցնելու եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու նպատակով լիբանանեան բանակի զօրամաս մը հասաւ դէպքին վայրը:

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին տարեդարձին առիթով բրիտանական դեսպանատան կազմակերպած պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտ յայտնեց, որ լիբանանցի ղեկավարները պէտք է շտապեն կազմելու նոր կառավարութիւն մը, որուն պաշտօնը պիտի ըլլայ արագ բարեկարգումներ որդեգրելով երկրին յառաջդիմութիւնը ապահովել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ «Էմ. Քա.» տիպի անօդաչու թռչող հետախուզական օդանաւերով խզեց լիբանանեան օդային տարածքը եւ ոտնձգութիւններ գործեց Շեպաայի, Հասպայայի եւ Արքուպի վերեւ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչը

Յաջորդը

Ռամի Ատուան. «Փարիզ Մնայուն Կերպով Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնէ Լիբանանցիներուն Տագնապները Լուծելու»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?