Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2546 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.900 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 26 յուլիս 2022-ին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Նիստին ընթացքին պիտի ընտրուին եօթը երեսփոխաններ` Նախագահներու, երեսփոխաններու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդին անդամ դառնալու համար, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուին եւ վաւերացուին օրակարգի վրայ գտնուող կարգ մը օրինագիծեր:

ՏԱՐ ՖԱԹՈՒԱ շաբաթ, 30 յուլիս 2022-ը յայտարարեց Իսլամական նոր տարի: Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան լիբանանցիները եւ յատկապէս իսլամները շնորհաւորեց Իսլամական նոր տարուան առիթով` երկրին եւ ամբողջ շրջանին մաղթելով խաղաղութիւն ու ապահովական կայունութիւն:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան ժամանակաշրջանը կամ եղանակը աւարտելէ ետք է, որ երկրին տնտեսական հարցերը ջուրի երես պիտի գան: Նասսար ընդգծեց, որ ինք երկրին կացութեամբ շատ մտահոգ է, յատկապէս` եթէ կառավարութիւն կարելի պիտի չըլլայ կազմել:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին ընդունեց Սուրիոյ մէջ Բրիտանիոյ յատուկ պատուիրակ Ճոնըթըն Հարկրիֆզը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակար Ժորժ Քալլաս շեշտեց, որ ներկայ կառավարական կազմը պէտք է ըլլայ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն եւ ոչ թէ ընթացիկ վնասներու կառավարութիւն: Ան ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին նշմարած է, որ նախագահ Աուն անհանգիստ է Լիբանանի ապագային նկատմամբ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց Լիբանանեան համալսարանին նկատմամբ հսկայ զօրակցութիւն ցուցաբերելու: Ան շեշտեց, որ կառավարական, օրէնսդրական եւ ժողովրդային զօրակցութիւն պէտք է ցուցաբերուի` Լիբանանեան համալսարանին գոյատեւումը ապահովելու համար:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ  լիբանանցիներէն եւ արաբներէն պահանջեց օգտուիլ Դիմադրութեան գոյութենէն եւ անոր զօրութենէն:

ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Նեպիլ Ֆահըտ յայտնեց, որ իրենք 25 յուլիսէն սկսեալ պիտի ստանձնեն ամերիկեան տոլարով քարտերը, որուն մասին յայտարարած է Կեդրոնական դրամատունը:

 

Նախորդը

ԿՈՉ

Յաջորդը

Եուսեֆ Խալիլ Ընդգծեց 2022-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.