Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Քաղաքական, Ապահովական Եւ Դիւանագիտական Հարցեր

July 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային որոշումներուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութեան:

Իր կարգին, զօր. Լազարօ հաստատեց, որ խաղաղապահ ուժերը կը շարունակեն գործակցիլ լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ եւ աշխատիլ պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը:

Զօր. Լազարօ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մասին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին տեղեկագիրը պիտի ներկայացուի հինգշաբթի, 21 յուլիս 2022-ին. այդ տեղեկագիրին լոյսին տակ պիտի քննարկուի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւնը` Լիբանանի պահանջին համաձայն:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ. քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ այսօր պիտի մեկնի Իրաք:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարի հետ: Քննարկուեցան «Աման» ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ այդ իմաստով նախարարութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Հաժժար նշեց, որ «Աման» ծրագիրէն ցարդ օժանդակութիւն կը ստանան 75 հազար ընտանիքներ` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը կը ջանայ ընտանիքներուն թիւը հասցնել 150 հազարի:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան, որ Միքաթիի հետ քննարկեց նախարարութեան եւ յատկապէս երկրէն լիբանանեան արտադրութիւն արտածելու եւ դէպի Լիբանան այլ տեսակի արտադրութիւններ ներածելու վերաբերող հարցեր:

Հաժ Հասան վարչապետին ներկայացուց յուլիսի աւարտին տեղի ունենալիք Լիբանանի, Յորդանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ քառակողմանի հանդիպումին վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Պըրրի Շարաֆէտտինի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձի Թղթածրարը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Շարք Մը Անլոյծ Թղթածրարներ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.