Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անլոյծ մնացած շարք մը թղթածրարներ, որոնց շարքին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հետաքննութեան կանգ առնելն ու այլ հարցեր:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլասը, որ յայտնեց, թէ նախագահ Աունին ներկայացուցած է Իրաք, Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Թուրքիա կատարած իր այցելութիւններուն արդիւնքները` ընդառաջելով իր պաշտօնակիցներուն հրաւէրներուն:
Քալլաս յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ «Պէյրութ 2022. Արաբ երիտասարդներուն մայրաքաղաքը» պաշտօնական փառատօնին վերաբերող հարցեր:
Քալլաս յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան առիթով ինք շնորհաւորած է նախագահ Աունը, որ երկրին զինեալ ուժերուն գերագոյն հրամանատարն է, եւ բարեմաղթութիւնները յայտնած Լիբանանին:
Իր կարգին, նախագահ Աուն մաղթեց, որ Լիբանան ունենայ նոր կառավարութիւն մը եւ ընտրուի հանրապետութեան նոր նախագահ մը` սահմանադրութեան գործիքակազմին հիման վրայ, որպէսզի Լիբանան կարենայ ամբողջ աշխարհին մէջ իր դիրքը վերագտնել: