Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2319 վարակուածներ եւ մահացած է երկու պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.700 լ. ոսկի:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժեր երէկ նշմարած են, որ Լիբանանէն անօդաչու թռչող սարքեր մուտք գործած են իսրայէլեան օդային տարածք. իսրայէլեան հակաօդային համակարգերը վար առած են զանոնք: Ատրահի յայտնեց, որ անօդաչու թռչող սարքերը կը պատկանին Հըզպալլային` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեն արգիլելու համար Իսրայէլի դէմ գործուող ոտնձգութիւնները:

ԻՐԱՔԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տուն կանչեց Լիբանանի մէջ գործող Իրաքի դեսպան Հայտար Պարրաքը` վերջ տալով Լիբանանի մէջ անոր տարած դիւանագիտական աշխատանքին: Նշենք, որ ամիսներ առաջ Պարրաքի լուսանկարը շրջանառութեան մէջ դրուած էր ընկերային ցանցերուն մէջ, երբ ան Պեքաայի շրջաններէն մէկը ուղղուած էր: Լուսանկարին մէջ Իրաքի դեսպանը որսի զէնքով էր եւ ողջոյնի արժանացած էր զինեալներու կողմէ, որոնք զայն ողջունելու համար արձակած էին «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետ մը եւ նետած էին ձեռնառումբեր:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելը համազօր է նախագահական ընտրութեան արգելակումին: Ան խստիւ մերժեց Պէյրութի քաղաքապետարանը մասնատելու գաղափարը` հաստատելով, որ այդ քայլը կը նշանակէ դարձեալ արեւմտեան եւ արեւելեան Պէյրութ ստեղծել, ինչ որ մերժելի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ քննարկեց Լիբանանի ծովային սահմանագծումի հարցը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնն ու նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւնը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ քաղցկեղի դեղերու հարցերուն առումով լուծման հաւանականութիւններ կան` աւելցնելով, որ նախարարութեան պաշտօնեաներուն օժանդակելու համար առաջարկուած է «Քորոնա» համաճարակին համար ստեղծուած յատուկ ֆոնտը օգտագործել:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ Պաքալորէայի պետական քննութեան արդիւնքները` չորս բաժանումներուն համար, պիտի յայտարարուին այս շաբթուան ընթացքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Պաալպեքի Մոհամետ Մեքքիին անուան զօրանոցը այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ հակառակ իր համեստ կարողութիւններուն, բանակը պիտի աշխատի բարելաւել զինուորներուն կացութիւնը` բարեկամ երկիրներուն կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւններուն միջոցով:

ԱՄԱԼ շարժումի եւ Հըզպալլայի հարաւային Լիբանանի ղեկավարութիւնները կոչ ուղղեցին կազմելու կառավարութիւն մը եւ լուծելու պետական հաստատութեանց վարչութիւններուն աշխատանքը խոչընդոտելու հարցը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բաժանումը անհաւանական է` աւելցնելով, որ պահանջուած է զօրակցիլ եւ օժանդակել լիբանանեան բանակին եւ պետական հաստատութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Լուսանկարի Մը Պատմութիւնը. Ո՞վ Է Գէորգ Չաւուշի Եւ Գոմսայ Կորիւնի Լուսանկարներուն Հեղինակը

Յաջորդը

Մքերի. «Պասիլի Եւ Ֆրենժիէի Միջեւ Հանդիպումը Կրնայ Մօտալուտ Ըլլալ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.