Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսա Պիտի Շարունակէ Օժանդակել Լիբանանին` Թօթափելու Համար Անոր Դիմագրաւած Տնտեսական Ծանր Տագնապը» Շեշտեց Փիեռ Տիւքան

July 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ եւ Լիբանանի համար կատարուած միջազգային օժանդակութիւններու պատասխանատու Փիեռ Տիւքանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի:

Նախագահ Աուն ընդգծեց բարեկարգումի ուղեգիծը շարունակելու իր յանձնառութիւնն ու վճռակամութիւնը` շեշտելով, որ անիկա անհրաժեշտ է երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինումին համար:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց 2022-ի պետական ամավարկի վաւերացումը, դրամատնային գաղտնիութեան եւ «Քեփիթլ քոնթրոլ»-ի օրէնքներուն բարեփոխումը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ օրինագիծերու մշակումն ու վաւերացումը:

Նախագահ Աուն հաստատեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա տնտեսական ապաքինման առաջնորդող եւ Լիբանանի տնտեսութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերադարձնող նախաքայլն է:

Նախագահ Աուն դրուատեց Ֆրանսայի եւ Լիբանանի օժանդակ երկիրներուն ջանքերը` շեշտելով, որ բարեկարգումներու գործադրութիւնը շարունակելը պայման է Լիբանանի համար:

Ան յոյս յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը կը կազմուի եւ անոր աշխատանքը կ՛ըլլայ միաւորել լիբանանեան դրամանիշով ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը, կատարել Կեդրոնական դրամատան իրաւական հաշուեքննութիւնը եւ արդար կերպով բաժնել վնասները, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել երկրին սննդեղէնի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճեցնել ելեկտրական մարզը:

Նախագահ Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին Տիւքան ընդգծեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ կը փափաքի օժանդակել անոր, որ ան դուրս գայ իր դիմագրաւած տագնապէն:

Ան հաստատեց, որ Փարիզ պիտի շարունակէ քաջալերել Լիբանանի օժանդակ երկիրները, ինչպէս նաեւ միջազգային հաստատութիւնները` շարունակելու իրենց նպաստները եւ բարելաւելու երկրին ենթակառոյցը, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատանքի առիթները բազմացնել եւ արտագաղթը նուազեցնել:

Տիւքան հաստատեց, որ Ֆրանսա բարձր կը գնահատէ նախագահ Աունի յայտարարութիւնը` բարեկարգումներու գործադրութեան զօրակցելու եւ այդ առումով դրական արդիւնքներու յանգելու առնչութեամբ:

Տիւքան այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական կացութիւնը:

Նշենք, որ Տիւքան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամի, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէի հետ:

Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին Տիւքան ընդգծեց, որ իրենց համոզումն է, որ բարեկարգումներու գործադրութիւնը Լիբանանի զարթօնքին հիմքն է:

Տիւքան այցելեց նաեւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրի, որ ներկայացուց տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման Տնտեսական խորհուրդներուն պատկերացումը:

Այս շրջագիծին մէջ Տիւքան հաստատեց, որ Լիբանան ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ պէտք է համաձայնագիր ստորագրէ:

Միւս կողմէ, Տիւքան իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ Ֆրանսա եւ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պիտի չլքեն Լիբանանը` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու նպատակով նախապայմաններուն գործադրութեան յետաձգումը` նախագահական ընտրութեան յաջորդող շրջանին, Լիբանանի համար մահացու սխալ մը կրնայ ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Նետ Փրայս Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Լրջօրէն Վարուելու` Վերստանալու Համար Ժողովուրդին Վստահութիւնը

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի Ներկայացուց Իր Նիւթական Ունեցուածքը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.