Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մքերի. «Պասիլի Եւ Ֆրենժիէի Միջեւ Հանդիպումը Կրնայ Մօտալուտ Ըլլալ»

Յուլիս 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Մելընի Հոնշթայնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ շեշտուեցաւ թափանցիկ տեղեկութիւններու կարեւորութիւնը` պայքարելու համար փտածութեան դէմ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը, որպէսզի լիբանանցի երիտասարդները տեղեկատուութեան մարզին մէջ հասակ նետեն եւ Լիբանանի մէջ երկխօսութեան զօրակցին:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Մքերի յայտնեց, որ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, թէ ներկայ կառավարական կազմը վերստին պէտք է առաջադրուի եւ անոր շնորհուի խորհրդարանի վստահութեան քուէն, այլապէս ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ նոր նախարարներ նշանակել եւ պահանջել, որ անոնք կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին սերտեն նախարարութիւններուն թղթածրարները:

Մքերի յայտնեց, որ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խորհրդակցութիւնները կատարեց եւ հասաւ ներկայ կառավարութիւնը կազմելու` իր ունեցած հանդիպումներէն ետք:

Ան անդրադարձաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ վարչապետ Միքաթիի միջեւ արձանագրուած բախումին` աւելցնելով, որ երբ երեսփոխանական մեծ պլոք մը կը յայտարարէ, թէ վստահութեան քուէ պիտի չշնորհէ կառավարութեան, ապա նման բախում մը բնական է:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան` Մքերի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի կարելիութիւնները պէտք է ամրապնդել:

Ան ընդգծեց, որ բոլորին համար յստակ է, թէ կան միջազգային բարդութիւններ, սակայն ներքին լիբանանեան իմաստով պէտք է պատրաստ ըլլալ: «Ֆրենժիէի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպում պէտք է կատարուի եւ անիկա կրնայ մօտալուտ ըլլալ», ըսաւ Մքերի` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կրնայ գաղտնաբառին մէկ բաժինը ըլլալ` նախագահական ընտրութեան առումով:

Ծովային սահմանագծումին եւ կազի արտահանումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մքերի նշեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կեցուածքը Իսրայէլի մէջ բնական կազ հորատող ընկերութիւնները իրար անցուցած է: Ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը հզօրագոյն խաղաքարտն է լիբանանեան պետութեան համար:

Միւս կողմէ, Մքերի նկատել տուաւ, որ իրենց պարտականութիւնն է սուրիացի տեղահանուածներէն տունդարձ պահանջել, որովհետեւ կացութիւնը անհանդուրժելի դարձած է:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պետութիւնը Որոշեց Ընկերային Նոր Օժանդակութիւն Տրամադրել Պետական Մարզին Եւ Օրական Փոխադրածախսը Հասցնել 95.000 Լ. Ոսկիի

RelatedPosts

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը
Լիբանանեան

Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան  Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?