Խորհրդարանի Ա. Օրէնսդրական Նիստին. Ընտրուեցան Նախագահներու Դատավարութեան Գերագոյն Խորհուրդին Անդամներն Ու Վաւերացուեցան Շարք Մը Օրինագիծեր
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին` ներկայութեամբ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան: Խորհրդարանի լիագումար նիստին արձանագրուեցաւ նաեւ դիւանագիտական ներկայութիւն: Նիստին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա` նկատի ունենալով, որ նիստին ընթացքին կրնային քննարկուիլ ծովային սահմանագծումին եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին վերաբերող հարցեր: Նորընտիր խորհրդարանի գումարած Ա. օրէնսդրական նիստին բացումը կատարուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս...




















