Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթուն Սաատէի Նահատակութեան Յիշատակի Ոգեկոչում

Յուլիս 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղովմի կուսակցութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ ոգեկոչեց կուսակցութեան հիմնադիր Անթուն Սաատէի նահատակութեան յիշատակը, որուն ներկայ էին կուսակցութեան ղեկավար Ասաատ Հարտան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Հասան Մըրատ, արտաքին գործոց նախկին նախարար Ատնան Մանսուր, Լիբանանի մէջ պաղեստինեան խմբաւորումներու ներկայացուցիչներ եւ ներկաներու մեծաթիւ բազմութիւն մը:

Այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց Պ. Տէր Ղուկասեան, որ անդրադարձաւ Սաատէի վաստակին ո՛չ միայն այն իմաստով, որ ան Պաղեստինը նկատեց կողմնացոյց, իսկ սիոնականութիւնը` թշնամի, այլ նաեւ անոր համար, որ Անթուն Սաատէ սիոնականութեան կողքին Թուրքիան նկատեց երկրորդ վտանգ:

«Անթուն Սաատէ քաջատեղեակ էր թրքական ախորժակներուն եւ Թուրքիոյ որդեգրած ծաւալապաշտական քաղաքականութեան: Ան քաջ գիտէր, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը հիմնուած է արիւնահեղութեան վրայ, ինչպէս նաեւ իրաւազրկումի եւ թրքացումի քաղաքականութեան վրայ, որ կը շարունակուի ցայսօր` Սուրիոյ, Հայաստանի, Արցախի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Լիպիոյ մէջ: Սաատէ այս իրականութիւնը 80 տարի առաջ նշմարեց. արդեօք ոմանք կը նկատե՞ն, որ շրջանին մէջ այսօր դարձեալ թրքական վտանգ գոյութիւն ունի», հարց տուաւ ան:

Պ. Տէր Ղուկասեան ակնարկեց Ղովմի կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան` աւելցնելով, որ ներլիբանանեան իմաստով պէտք է ապաւինիլ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել հայրենիքին բարգաւաճումը եւ իրականացնել քաղաքացիին շահերը:

Ան ընդգծեց, որ այս առաքելութիւնը կրնան յաջողցնել միայն քաղաքական այն կուսակցութիւնները, որոնք ազատ խօսքի եւ կարծիքի կը հաւատան, եւ որոնք ծնած են ժողովուրդին ծոցէն: «Անոնք են այն կուսակցութիւնները, որոնք արտաքին պատուէրներ չեն գործադրեր, նիւթական պարգեւներու չեն սպասեր` կասկածելի դերակատարութիւն մը ունենալու համար: Իրենց խիղճը չեն ծախեր, ինչպէս որ վկայեցինք երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն, երբ քուէները գնուեցան եւ իրականութիւնը նենգափոխուեցաւ: Լիբանան կարիքը ունի միշտ իր ժողովուրդին կողքին կանգնող անձնաւորութիւններու», հաստատեց ան:

Պ. Տէր Ղուկասեան կոչ ուղղեց սահմանադրական գործընթացները ճշդուած թուականներուն կատարելու` կառավարութեան կազմութենէն սկսեալ մինչեւ նախագահական ընտրութիւն, որպէսզի Լիբանան անիշխանութեան ենթակայ չդառնայ: «Սակայն մինչեւ այդ, ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ եւ պետութեան սիւները պահպանէ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիին հացը ապահովէ: Բա՛ւ է քաղաքացիին նուաստացումը», շեշտեց ան:

Նախորդը

Նայիմ Քասեմ. «Երբ Լիբանանեան Բանակը Կարենայ Դիմադրել Իսրայէլին Եւ Պաշտպանել Լիբանանը, Այն Ժամանակ Թող Քննարկեն Հըզպալլայի Զէնքին Հարցը»

Յաջորդը

Իսրայէլ Կը Մերժէ Ռաս Նաքուրայի Շրջանը Լիբանանին Յանձնել

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?