Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թասք Ֆորս Ֆոր Լեպանոնի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Բարեկարգումի Ճիգերս Բախեցան Ներքին Խոչընդոտներու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յուլիս 19, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Թասք ֆորս ֆոր Լեպընոնի նախագահ Էտուըրտ Կապրիելը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այն պատճառները, որոնք Լիբանանը հասցուցին իր ներկայ իրավիճակին:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք ամէն ճիգ ի գործ դրած է պահանջուած բարեկարգումները իրագործելու նպատակով, սակայն այդ ջանքերը բախած են լիբանանեան ներքին խոչընդոտներու, որոնք իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ձգած են կացութեան վրայ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հարցերը պատահմամբ չեն արձանագրուած, այլ հետեւանք են երկրին քաղաքական հաստատութիւններուն մէջ ստեղծուած ամլութեան, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւնները սպաննած փտածութեան եւ լիբանանցի պատասխանատուներուն կողմէ այդ սխալները սրբագրելու չկամութեան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները որոշ արդիւնքի յանգած են եւ պէտք է ամբողջանան: Ան հաստատեց նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը:

Ծովային սահմանագծումին առումով նախագահ Աուն ընդգծեց ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` առիթ տալու համար, որ Լիբանան կարենայ հորատել իր նաւթն ու կազը եւ արտահանել զանոնք` օգտագործելով իր ջրային իրաւունքները:

Իր կարգին, Կապրիել հաստատեց, որ Թասք ֆորս ֆոր Լեպընոնը կը զօրակցի Լիբանանին ու լիբանանցիներուն եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ ամերիկեան Քոնկրեսին հետ` ընդառաջելու լիբանանցիներու պահանջներուն:

Կապրիել ընդգծեց Լիբանանի մէջ անմիջական բարեկարգումներ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Կապրիել եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը կայացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ ծովային սահմանագծում կատարելու իմաստով կարելի չէ յապաղում եւ յաւելեալ ուշացում արձանագրել, «ընդհակառակն` պէտք է սահմանագծումը կատարել եւ արտօնել նուազուրդը շահած ընկերութիւններուն, որ լիբանանեան ջուրերէն նաւթի եւ կազի արտահանման իրենց աշխատանքին սկսին», յայտնեց ան:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին ընդունեց ամերիկեան պատուիրակութիւնը:

Կապրիել յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին Միքաթիի հետ ունեցած են շինիչ քննարկումներ, որոնց ընթացքին շեշտուած է Լիբանանի կողմէ Միջազգային դրամական ֆոնտի ծրագիրին միանալու կարեւորութիւնը:

Կապրիել հաստատեց, որ Լիբանանի խորհրդարանն ու կառավարութիւնը արագ կերպով կարեւոր որոշումներ ունին տալիք` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները այս իմաստով կը զգան միջազգային ընտանիքին բանեցուցած ճնշումները:

«Լիբանանցի պատասխանատուները ժողովուրդին օժանդակելու համար քայլերու պէտք է նախաձեռնեն», ըսաւ Կապրիել:

Անդրադառնալով ցորենի թղթածրարին` Կապրիել հաստատեց, որ եթէ Լիբանանի կառավարութիւնն ու խորհրդարանը ցորեն ապահովելու իմաստով քայլերու չձեռնարկեն, ապա Լիբանան աղէտի մը սպառնալիքին դէմ յանդիման կը գտնուի:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Շիայի հետ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին վերաբերող ամերիկեան միջնորդութեան հարցը:

Նախորդը

Պու Սաապ. «Երեսփոխանները, Ինչպէս Պետական Մարզի Բոլոր Պաշտօնեաները, Իրենց Աշխատավարձը Կը Ստանան 1500 Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ»

Յաջորդը

Թրքական «Կարս» Թերթին Համաձայն. Հայաստան – Թուրքիա Սահմանին Վրայ Ականազերծման Աշխատանքներ Կը Կատարուին

RelatedPosts

Ակնարկ.  22-րդ Կէտը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 22-րդ Կէտը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի  Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»

Հոկտեմբեր 1, 2025
Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?