Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Շարաֆէտտինի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձի Թղթածրարը

July 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները յատկապէս տնտեսական, ապրուստի, պետական պաշտօնեաներու ամսական աշխատավարձերու եւ տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերեալ:

Հանդիպումէն ետք Շարաֆէտտին յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերուն վերաբերող հարցեր:

Շարաֆէտտին յայտնեց, որ իր առաջարկած ընկերային զօրակցութեան տուրքի առաջարկը ընդառաջում գտած է` աւելցնելով, որ անոր ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ 450 միլիոն տոլար ապահովել եւ զայն տրամադրել ցորեն եւ դեղորայք ապահովելու համար:

Ան ընդգծեց, որ 450 միլիոն տոլարը 67 դրամատուներու բաշխելու պարագային, իւրաքանչիւր դրամատուն 5,8 միլիոն տոլար կը ստանայ:

Շարաֆէտտին նկատել տուաւ, որ քննարկած է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը` աւելցնելով, որ այս իմաստով զօրակցութիւն կայ, եւ ինք պիտի շարունակէ իր աշխատանքը` մօտիկ ապագային այցելելով Սուրիա:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Քամիլ Շամուն, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Շամուն հաստատեց Պըրրիի հետ իր ունեցած բարեկամութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է միասին գործել` Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու համար:

Շամուն ընդգծեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը համախոհութեամբ պէտք է ընտրել:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Սամիր Ժսըր:

 

 

Նախորդը

Տար Ֆաթուա. «Ապահովական Լաւ Վիճակի Մէջ Ենք Եւ Կը Մերժենք Պէյրութի Բաժանումը» Շեշտեց Մաուլաուի

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Քաղաքական, Ապահովական Եւ Դիւանագիտական Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.