Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց Հայֆայի մարոնի համայնքի առաջնորդ, պատրիարքական փոխանորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկեց Նաքուրայի մէջ 11 ժամուան համար անոր արգելափակումը, հարցաքննուելու եւ խուզարկուելու իրականութիւնները, ինչպէս նաեւ իր մօտ գտնուած դեղորայքին ու անոր անձնական բջիջային հեռաձայնին գրաւումը, ինչ որ պատճառ դարձած էր, որ եկեղեցական եւ դատական բարձր մարմիններ միջամտեն, որպէսզի ան ազատ արձակուի:
Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը հաստատեց, որ իր կալանաւորման 11 ժամուան ընթացքին արժանացած է յարգալիր վերաբերումի, հակառակ անոր որ շատ մանրամասն հարցաքննութեան ենթարկուած է:
Այս իմաստով, կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմէն, որ հաստատած է, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին արգելափակումը եւ անոր անցագիրին գրաւումը դատաւոր Ֆատի Աքիքիի կողմէ արձակուած վճիռին գործադրութիւնն էր:
Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, թէ Ռայի պատրիարքը ընդվզած է Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի կալանաւորման եւ դատաւոր Աքիքիի դէմ` ընդգծելով, որ այդ կեցուածքը փոխանցուած պատգամ մըն է, որ ստացուած է, սակայն ան պիտի շարունակէ նոյն կեցուածքով առաջնորդուիլ:
Այլ աղբիւրներ նշեցին, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը կալանաւորուած է, որովհետեւ անոր մօտ յայտնաբերուած է 460 հազար տոլարի եւ 4000 եւրոյի գումար մը, ինչպէս նաեւ դեղորայք: Այդ բոլորին կողքին գտնուած է այդ օժանդակութիւնները կատարող նուիրատուներուն անուանացանկը, որուն մէջ մեծաթիւ են «Հարաւային Լիբանանի բանակ»-ի գործակալները:
Երէկ երեկոյեան Տիմանէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը` Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին գումարած արտակարգ նիստէն:
Խորհուրդը պահանջեց հաշուետուութեան կանչել պատասխանատուները եւ ի պահանջել հարկին պաշտօնազրկել զանոնք:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ առաջնորդ Մուսա Հաժի հետ տեղի ունեցած պատահարը Լիբանանը վերադարձուցած է բռնագրաւումի օրերուն:
Պէտք է նշել, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ: Ան դատապարտեց միջադէպը` զայն նկարագրելով իբրեւ քաղաքական, դատական եւ ապահովական նողկալի արարք:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ այցելեց Տիման եւ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումի մը ընթացքին հաստատեց, որ մարոնի եկեղեցւոյ դէմ այս սուրիական կամ իրանեան յարձակումը անընդունելի է` աւելցնելով, որ այս հարցով իրենք լուռ պիտի չմնան:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին դէմ կատարուածը դատապարտելի է: Կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց անմիջապէս սրբագրելու եպիսկոպոսին հասցէին գործուած կոպիտ սխալը:
Իր կարգին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարց տուաւ, թէ մէկուն միտքէն կրնա՞յ անցնիլ, որ առաջնորդը գործակալ է, որովհետեւ ան կը փորձէ օժանդակել այն ընտանիքներուն, որոնք լիբանանցիները կեղեքող վարչակազմին պատճառով աղքատացան:
Մարոնիներու լիկան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Նաքուրայի մէջ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի արգելափակումը դատապարտելի է եւ անընդունելի արարք մը, ինչ որ ալ ըլլան անոր բացատրութիւնները:
Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին հետ պատահածը մերժելի է եւ դատապարտելի` իր ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ:
Ան ընդգծեց, որ այդ չարիքը պիտի չկարենայ վարկաբեկել առաջնորդին սքեմը եւ ոչ ալ տապալել Պքերքէն եւ անոր հեղինակութիւնը:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց թիւ 9718 շրջաբերականը, որուն համաձայն, պետական մարզի բոլոր պաշտօնեաները ժամանակաւոր կերպով ընկերային օժանդակութիւն կը ստանան հարիւր առ հարիւր իրենց ամսական աշխատավարձին նման, պայմանով, որ այդ օժանդակութիւնը 2 միլիոն լ. ոսկիէն պակաս չըլլայ, իսկ հանգստեան կոչուողները կը ստանան նուազագոյնը 1.700.000 լ. ոսկիի օժանդակութիւն: Այլ խօսքով` պետական պաշտօնեայ մը պէտք չէ նուազ քան 6 միլիոն լ. ոսկի ստանայ, իսկ հանգստեան կոչուողը` ոչ նուազ քան 5.100.000 լ. ոսկի:
Նոյն շրջաբերականին համաձայն, յաւելումը պէտք է կատարուի յուլիս ամիսէն սկսեալ եւ կը գործադրուի այս շրջաբերականը պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակելէ անմիջապէս ետք:
Միւս կողմէ, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի արաբական հացի փուռերու սենտիքայի նախագահ Ալի Իպրահիմ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն` նկատի ունենալով իրերայաջորդ տագնապներուն պատասխանատուութիւնը փուռերու սեփականատէրերուն վրայ բեռցնելու մօտեցումը:
Ալի Իպրահիմ իր հրաժարականով հաստատեց, որ ինք չի կրնար սուտ վկայ ըլլալ այս մարզին մէջ արձանագրուած օրինազանցութիւններուն եւ շանթաժներուն` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի քայլի մը դիմելու` ի պաշտպանութիւն փուռերու սեփականատէրերուն: