Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ ընդունեց «Ա. Էֆ. Տէ.» բարգաւաճման ֆրանսական գործակալութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ռիմ Ռաէտի:
Հանդիպումին ընթացքին Խալիլ շեշտեց 2022-ի պետական ամավարկը` անոր բարեկարգումի կէտերով, գործադրելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ անիկա է տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման ուղիին մեկնարկը:
Հանդիպումին ընթացքին Խալիլ մանրամասնութեամբ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան, ինչպէս նաեւ պետական գանձարկղին դիմագրաւած բազում հարցերուն եւ հսկայական դժուարութիւններուն` լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկման պատճառով:
Խալիլ ընդգծեց, որ հիմնականին մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին անկայունութիւնն է, որ կը պատճառէ այս ցաւալի իրականութիւնը:
Միւս կողմէ, Խալիլ յայտնեց, որ մաքսատնային տոլարը պիտի վաւերացուի` նշելով, որ ելեկտրական հոսանքի ծառայութեան սակի բարձրացումին պատասխանատուութիւնը ուժանիւթի նախարարութեան կը պատկանի:
Խալիլ կայացուց շարք մը հանդիպումներ, որոնց նպատակն է պետական մարզի պաշտօնէութեան ընկերային նպաստները ապահովել: Ան ողջունեց ելեւմուտքի նախարարութեան պաշտօնէութեան ընդառաջումը` աշխատանքի ներկայանալու, եւ աւելցուց, որ պաշտօնեաները պէտք չէ գործադուլին զոհ երթան:
Նշենք սակայն, որ ելեւմուտքի նախարարութեան հաշուապահական գրասենեակի վարչութիւնը յայտնեց, որ պաշտօնեաները կը շարունակեն իրենց յայտարարած բաց գործադուլը եւ որոշած են աշխատանքի չվերադառնալ, հետեւաբար պետական մարզի պաշտօնեաները, բանակայիններն ու հանգստեան կոչուածները այս ամսուան իրենց ամսական աշխատավարձը պիտի չստանան:
Վարչութեան համաձայն, ամսական աշխատավարձերը պատրաստելու համար 15 օրուան աշխատանք մը պէտք է ապահովուի:


