Մինչ Մահուան Նաւուն Պատճառած Զոհերուն Դիակները Փնտռելու Աշխատանքը Կը Շարունակուի, Խորհրդարանը Այսօր Կը Շարունակէ Իր Լիագումար Նիստը
Մինչ մահուան նաւուն պատճառած զոհերուն դիակները փնտռելու աշխատանքը կը շարունակուի Թարթուսի մէջ, Լիբանանի խորհրդարանը այսօր կը շարունակէ 2022-ի պետական ամավարկի քննարկման եւ վաւերացման իր լիագումար նիստը, որ աւարտած էր օրինաթիւի խախտումին պատճառով: Անկախ այն իրականութենէն, թէ ի՛նչ փոխուած պիտի ըլլայ պատրաստուած պետական ամավարկին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հրաւիրած է ցերեկային եւ գիշերային նիստերու` ամբողջացնելու համար քննարկումները: Միւս կողմէ, Դրամատուներու...



















