Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հարաւային Ֆրանսայի նահանգի նախագահ Ռընօ Միւսելիէն` ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:
Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի բանակցութիւններն ու բարեկարգումի յատուկ օրէնսդրական աշխատանքները, որոնցմէ մաս մը իրագործուած է, իսկ այլ մաս մը տակաւին գործադրելի կը մնայ:
Պըրրի յայտնեց, որ պահանջուածը գործադրելու համար կարճ ժամանակամիջոց տրուած է Լիբանանին` աւելցնելով, որ այդ բոլոր նուաճումները իրագործելու համար խորհրդարանն ու կառավարութիւնը պէտք է սերտ գործակցութիւն ծաւալեն, ինչպէս նաեւ իրագործեն սահմանադրական կարեւորագոյն գործընթացը, որն է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
Թրաֆ իր կարգին ընդգծեց նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանը վտանգաւոր գօտիէն դուրս պէտք է բերել` կեդրոնանալով տնտեսական հիմնական բարեկարգումներու գործադրութեան վրայ:
Նշենք, որ Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. թագաւորին` անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով: