Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Քաղաքական Իրադարձութիւնները

September 23, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց համախոհական նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Պէյրութի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ իր հանդիպումէն ետք ալ յայտարարած է գերիշխանական ուժերուն կողմէ հանրապետութեան նախագահի համախոհական թեկնածուի մը շուրջ համաձայնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու յստակ ծրագիր մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ սէուտական դերակատարութեան եւ գերիշխանական ուժերուն միջեւ համադրումը պէտք է շարունակուի` մեկնելով Լիբանանի արաբականութեան պահպանումէն:

«Կը հաստատեմ, որ հանրապետութեան նախագահի անձին շուրջ համախոհութիւն պէտք է գոյանայ` հիմնուելով Լիբանանի արաբականութեան պահպանումի սկզբունքին վրայ», շեշտեց ան:

Ժոմպլաթ հաստատեց նաեւ սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին պահպանումին կարեւորութիւնը` պատասխանելու համար այն բոլոր վարկածներուն, որոնք կը յուշեն Լիբանանի վարչակարգը փոխելու եւ կամ զայն բարեփոխումի ենթարկելու եւ «Սեն Քլու»-ի խորհրդաժողովին նպատակներուն յարմարցնելու յատուկ խորհրդաժողով մը գումարելու հաւանականութեան մասին:

 

Նախորդը

Դրամատուները Կը Շարունակեն Մնալ Փակ

Յաջորդը

«Մանար». «Հոքշթայն Կը Պատրաստէ Սահմանագծումի Նախագիծ Մը, Որուն Համաձայն` Լիբանան Կը Ստանայ Թիւ 23 Սահմանագիծը, Կանայի Նաւթահորն Ու «Թոթալ» Ընկերութեան Կողմէ Հորատման Յանձնառութիւն»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.