Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութեան նախագահ Էռնեսթօ Ռամիրեզը, որուն հետ քննարկեց կարգ մը լիբանանցի պատասխանատուներու հետ անոր ունեցած հանդիպումներուն եւ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:
Ռամիրեզ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, որ մերժած էր դրամատնային գաղտնիութեան վերաբերող օրինագիծը ստորագրել եւ զայն վերադարձուցած էր խորհրդարան, որպէսզի զայն վերատեսութեան ենթարկեն եւ պատշաճեցնեն միջազգային չափանիշներուն:
Ռամիրեզ ըսաւ նաեւ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը կ՛արժեւորէ նախագահ Աունի զօրակցութիւնը բարեկարգումներուն որդեգրումին եւ գործադրութեան:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ ինք կը սպասեր, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ պայմանաւորուած բարեկարգումները իրագործուէին առանց խոչընդոտներու, որպէսզի Լիբանանի տնտեսական տագնապին լուծումը չուշանար, «սակայն այդ արգելակումները աւելի եւս խորացուցին երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին վիհը»:
Նախագահ Աուն դրուատեց Միջազգային դրամական ֆոնտին ի գործ դրած ջանքերը` օժանդակելու համար Լիբանանին:
Ռամիրեզ ընդգծեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը կառչած կը մնայ Լիբանանի հետ գործակցութեան` հակառակ արձանագրուած յապաղումին եւ դանդաղ ընթացքին: Ան նշեց, որ Ֆոնտը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ ելեւմտական եւ դրամատնային մարզերուն նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատուի:
Ռամիրեզ ընդգծեց նաեւ տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի մէկ փոխարժէք ճշդելու, ինչպէս նաեւ 2023-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու կարեւորութիւնը:
Մինչ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ պիտի շարունակէ գործակցութիւնը` բարեկարգումներուն գործադրութիւնը քաջալերելու նպատակով, Միջազգային դրամական ֆոնտը կոչ ուղղեց ճանչնալու դրամատնային մարզին արձանագրած վնասները եւ պաշտպանելու դրամատուներուն մէջ փոքր հաշիւ ունեցողներուն իրաւունքները:
Միջազգային դրամական ֆոնտը շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը տակաւին կը տառապի ծանր ճնշումներէ` աւելցնելով, որ իր պահանջած բարեկարգումներուն գործադրութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի Լիբանան նիւթական վարկի ծրագիրի մը արժանի ըլլայ:
Միջազգային դրամական ֆոնտին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ բարեկարգումներու գործադրութեան թափը տակաւին շատ դանդաղ է, հակառակ երկրին տնտեսական եւ ընկերային խոր տագնապը լուծելու կարիքին:
Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Արաբական Երկիրներուն
Նեցուկ Կանգնելու Լիբանանցի Ժողովուրդին»
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբ իրաւաբաններու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Մաքքաուի Պընիսան, որուն ընկերակցեցաւ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:
Պընիսա յայտնեց, որ համադաշնակցութեան գումարելիք ընդհանուր ժողովին այս տարուան նիւթն է Լիբանանի նկատմամբ արաբական զօրակցութիւն ապահովել` յատկապէս սիոնական թշնամիին ախորժակներուն դիմադրելու իմաստով:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց համադաշնակցութեան ցուցաբերած այս զօրակցութեան համար եւ կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն` նեցուկ կանգնելու լիբանանցի ժողովուրդին, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած ներկայ մութ փապուղին:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուին: Քննարկուեցան շրջանային եւ իրաքեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ ի գործ դրուած բոլոր ջանքերը` լուծելու համար հարցերը:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ լիբանանեան-իրաքեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ զանոնք ամրապնդելու ու բարելաւելու կարեւորութեան:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը, որ հաստատեց, որ կառավարական եւ նախագահական իմաստով պէտք չէ դատարկութիւն ստեղծուի:
Խաթիպ շեշտեց ամէնէն մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրն ու ժողովուրդը իրենց ահաւոր վիճակէն փրկել:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները:
Կրիօ նախագահ Աունին ներկայացուց Փարիզի մէջ ֆրանսացի կարգ մը պատասխանատուներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւնները, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմաց գտնուող սահմանադրական գործընթացները կատարելու պարտաւորութիւնները: