Սուրիական ծովուժը երէկ շարունակեց փրկարար աշխատանքները` Թարթուսի Արուատ կղզիի հանդիպակաց շրջանին մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն ճամբորդները որոնելու իմաստով:
Նշենք, որ Մընիէէն երեքշաբթի օր ընթացք առած մահուան նաւը ապօրինի կերպով կը փոխադրէր 150 գաղթականներ` լիբանանցի եւ ոչ լիբանանցի քաղաքայիններ:
Փրկարար աշխատանքներուն շնորհիւ կարելի եղաւ 20 հոգի փրկել եւ 87 խեղդամահներու դիակները դուրս բերել:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ ապօրինի կերպով ճամբորդել փորձող քաղաքայինները, որոնք լիբանանցիներ են եւ տեղահանուած սուրիացիներ, անձնական փաստաթուղթեր չէին կրեր:
Համիէ խստիւ դատապարտեց ապօրինի գաղթականութեան այս երեւոյթը, որ վերջին ամիսներուն վերածուած է իրերայաջորդ ողբերգութեան:
Համիէ յայտնեց, որ իր տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ նաւուն մէջ կը գտնուէր 120 հոգի, եւ նաւը փոքր նաւակ մըն էր, որ անկարող էր նման ծանրութեամբ շարունակել իր ընթացքը:
Համիէ նկատել տուաւ, որ հարցը այն է, թէ կան կողմեր, որոնք նաւերու եւ ապօրինի փոխադրութեան գործով կը զբաղին` առանց մտածելու քաղաքացիներուն ապահովութեան մասին:
Համիէ նշեց նաեւ, որ Լիբանանեան Կարմիր խաչին եւ Սուրիական Կարմիր մահիկին միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է գործակցելու, որպէսզի դուրս բերուած դիակները փոխադրուին լիբանանեան հողեր:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Արիտայի անցքէն 9 դիակներ փոխադրուեցան Լիբանան: Անոնցմէ 7-ն լիբանանցիներ են, իսկ 2-ը` պաղեստինցի գաղթականներ:
Դիակներուն ծանօթանալու համար զոհերուն հարազատները ուղղուեցան Աքքարի եւ Թրիփոլիի հիւանդանոցները:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հետեւեցաւ Թարթուսի մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն մանրամասնութիւններուն եւ անոր կապուած փրկարար աշխատանքներուն:
Նախագահ Աուն պատկան մարմիններէն եւ կառոյցներէն պահանջեց զոհուած եւ փրկուած քաղաքացիներուն բոլոր դիւրութիւնները տրամադրել:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին հետեւեցաւ ծովամոյն դարձած նաւուն վերաբերող մանրամասնութիւններուն:
Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Համիէի հետ եւ անոր թելադրեց գործակցիլ սուրիական իշխանութիւններուն հետ` լիբանանցի զոհերուն դիակները ստանձնելու հարցով:
Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Փրկարար աշխատանքի գերագոյն խորհուրդին հետ, որպէսզի վերջինս կապ հաստատէ զոհերուն ընտանիքներուն հետ` անոնց դիակները վերադարձնելու համար Լիբանան:
Միքաթի հեռաձայնային այլ հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ, որմէ պահանջեց Լիբանանի ծովափերուն հսկողութիւնը խստացնել` պայքարելու համար ապօրինի գաղթականներուն կողմէ լիբանանեան ափերէն նաւարկումին դէմ:
Վարչապետը թելադրեց նաեւ ձերբակալել մահուան նաւու «ճամբորդութիւն»-ը կազմակերպողները: