Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մընիէէն Ընթացք Առած Նաւ Մը Թարթուսի Մէջ Ծովամոյն Կը Դառնայ

September 23, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մընիէէն երեքշաբթի օր ընթացք առած նաւ մը, որ ապօրինի կերպով փոխադրուող 150 գաղթականներ` լիբանանցի եւ ոչ լիբանանցի, կը փոխադրէր, երէկ երեկոյեան Թարթուսի մէջ ծովամոյն դարձաւ` պատճառելով մեծաթիւ զոհեր:

Սուրիական ծովուժի փրկարար աշխատանքներուն շնորհիւ կարելի եղաւ 16 հոգի փրկել եւ 33 խեղդամահներու դիակները դուրս բերել:

Սուրիոյ նաւահանգիստներու ընդհանուր տնօրէն Սամեր Քուպրոսլի յայտնեց, որ սուրիական ծովուժը Թարթուսի ափերուն եւ Արուատ կղզիի հանդիպակաց շրջանին մէջ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ փրկելու համար ծովամոյն դարձած նաւուն մէջ գտնուողները:

Քուպրոսլի նշեց, որ կարելի եղած է 33 խեղդուած քաղաքայիններու դիակները դուրս բերել, ինչպէս նաեւ 16 ուրիշներ փրկել: «Փրկուած գաղթականները փոխադրուեցան Թարթուսի «Պասել» հիւանդանոցը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ուշ գիշերին փրկարար աշխատանքները դադրեցան ալիքներու բարձրութեան պատճառով:

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ փոխադրութեան հարցերու նախարար Զուհէյր Խզայմի հետ, որ Համիէին ներկայացուց սուրիական ծովուժին կատարած փրկարար աշխատանքները:

Ուշ գիշերին «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը կրցած է ձերբակալել ծովամոյն դարձած նաւուն պատասխանատուն:

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Քննարկեց Մտաւոր Սեփականութեան Իրաւունքի Օրինագիծը

Յաջորդը

Նիւ Եորքի Մէջ. Վարչապետ Միքաթի Կը Պահանջէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը

RelatedPosts

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ  Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»

October 14, 2026
Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի  Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման  Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց

October 14, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.