Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2022-ի օգոստոս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 7,55 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2022-ի յուլիս ամսուան սակերուն:
Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով.
– Պէյրութի մէջ` 7,52 առ հարիւր:
– Լեռնալիբանանի մէջ` 7,54 առ հարիւր:
– Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 7,10 առ հարիւր:
– Պեքաայի մէջ` 7,34 առ հարիւր:
– Հարաւային Լիբանանի մէջ` 8,16 առ հարիւր:
– Նապաթիէի մէջ` 8,57 առ հարիւր:
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հրապարակած տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ 2022-ի օգոստոս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերուն ցուցանիշը 161,89 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած 2021-ի օգոստոս ամսուան: Իսկ տարուան առաջին կիսուն, այլ խօսքով` առաջին ութ ամիսներուն սպառողական ապրանքներու սակերը 61,34 առ հարիւրի աճ արձանագրած են: