Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան համար իր անունը առաջադրուած է իբրեւ թեկնածու` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն, թէ խորհրդարանը ե՛րբ պիտի հրաւիրուի նախագահական ընտրութեան նիստի մը, եւ որ այդ ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին պիտի կատարուի՞, թէ՞ ոչ:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան այս փուլին ինք աւելի լաւատես է, քան անցեալին, որովհետեւ օրին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա խոստում տուած էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, սակայն այսօր ան ոչ ոքի խոստում տուած է:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այս կամ այն անձնաւորութեան դէմ չէ` նախագահ ընտրուելու առումով: «Մենք Ռայի պատրիարքին հետ համաձայնած ենք, եւ ան ուրախ կ՛ըլլայ, եթէ նախագահ ընտրուիմ», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ աւելցուց, որ ինք կը փափաքի Լիբանանի միասնական նախագահ մը ըլլալ` շեշտելով, որ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ ետք իր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ բոլորը հրաւիրել պատասխանատուութիւն ստանձնելու:
Ֆրենժիէ նշեց, որ ինք միշտ ալ բաց եղած է երկխօսութեան եւ համախոհութեան` ընդգծելով, որ ինք օր մը օրանց սուրիացի չէ եղած, այլ` մարոնի, քրիստոնեայ, լիբանանցի, արաբ, միաժամանակ` Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեան նախանձախնդիր:
«Չեմ ընդունիր Արեւմուտքին հետ բախումի մէջ ըլլալ, ինչպէս որ չեմ ընդունիր Արեւելքի հետ բախումի մէջ ըլլալ: Կ՛ընդունիմ ըլլալ չէզոք, սակայն չէզոք ըլլալ չի նշանակեր Սուրիոյ, Սէուտական Արաբիոյ կամ Արեւմուտքի հետ հակադրուիլ», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք Հըզպալլայի թեկնածուն չէ, սակայն Հըզպալլայի գոհունակութիւնը կը վայելէ, որովհետեւ ինք օր մը օրանց Հըզպալլան կռնակէն չէ հարուածած:
Ֆրենժիէ նշեց նաեւ, որ սէյիտ Նասրալլայի, իր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումին ընթացքին բնաւ չեն անդրադարձած նախագահական ընտրութեան:
Ան յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը քրիստոնեայ կամ այլ հովանաւորողի կարիք չունի, որովհետեւ անիկա պաշտպանած է Լիբանանը, «իսկ Դիմադրութեան նեցուկ կանգնիլը կը միտի հաւասարակշռութիւններ իրագործել», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իր նպատակը այն է, որ իր օրով նուաճում մը իրագործուի եւ պատմութեան մէջ արձանագրուի:
Ան հաստատեց, որ իրեն համար խիստ մերժելի է Լիբանանի բարեկամ երկիրներու վարկաբեկումը, ըլլան անոնք արաբական երկիրներ, թէ Իրան:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք Սէուտական Արաբիա երթալու հարց չունի` աւելցնելով, որ Լիբանանի համար պատրաստ է բեռնակիր դառնալու:
Ան նշեց, որ իր թեկնածութեան մասին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կարծիքը չի գիտեր ի՞նչ է` շեշտելով, որ ինք համաձայն է Թաէֆի գործադրութեան եւ կը մերժէ դաշնակցային դրութիւնը, որ Թաէֆի գործադրութեան հետ կը հակադրուի:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ ինք համախոհութեան կողմնակից է` աւելցնելով, որ եթէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, ապա պիտի ջանայ երեսփոխանական ընտրական օրէնքը բարեփոխել:
Անդրադառնալով դրամատուներուն` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ պատասխանատու դրամատուները պէտք է հաշուետուութեան կանչուին, սակայն պէտք չէ դրամատնային համակարգը հարուածել: