Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Մահուան Նաւուն Պատճառած Զոհերուն Դիակները Փնտռելու Աշխատանքը Կը Շարունակուի, Խորհրդարանը Այսօր Կը Շարունակէ Իր Լիագումար Նիստը

Սեպտեմբեր 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ մահուան նաւուն պատճառած զոհերուն դիակները փնտռելու աշխատանքը կը շարունակուի Թարթուսի մէջ, Լիբանանի խորհրդարանը այսօր կը շարունակէ 2022-ի պետական ամավարկի քննարկման եւ վաւերացման իր լիագումար նիստը, որ աւարտած էր օրինաթիւի խախտումին պատճառով:

Անկախ այն իրականութենէն, թէ ի՛նչ փոխուած պիտի ըլլայ պատրաստուած պետական ամավարկին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հրաւիրած է ցերեկային եւ գիշերային նիստերու` ամբողջացնելու համար քննարկումները:

Միւս կողմէ, Դրամատուներու միութիւնը երէկ յայտնեց, որ դրամատուները այսօրուընէ սկսեալ պիտի բանան իրենց դռները` մեկնելով այն իրականութենէն, որ յաճախորդները կարիքը ունին դրամատնային գործառնութիւններ կատարելու եւ գումար ստանալու կամ փոխանցելու:

«Նկատի ունենալով ապահովական խախուտ իրավիճակը` իւրաքանչիւր դրամատուն որդեգրած է իրեն յատուկ աշխատանքի ձեւը` պետութեան կողմէ բաւարար ապահովական միջոցներու բացակայութեան», նշուեցաւ Դրամատուներու միութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Թարթուսի Արուատ կղզիին հանդիպակաց շրջանին մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն ճամբորդները որոնելու փրկարար աշխատանքները շարունակուեցան սուրիական ծովուժին կողմէ:

Փրկարար աշխատանքներուն շնորհիւ կարելի եղաւ 20 հոգի փրկել եւ 95 խեղդամահներու դիակները դուրս բերել:

Նշենք, որ շաբաթավերջին Արիտայի անցքէն մեծ թիւով դիակներ փոխադրուեցան Լիբանան: Անոնց մէջ կային լիբանանցիներ, սուրիացիներ եւ պաղեստինցիներ:

Դիակներուն ծանօթանալու համար զոհերուն հարազատները ուղղուեցան Աքքարի եւ Թրիփոլիի հիւանդանոցները:

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ հիւանդանոցները փոխադրուած դիակներէն 40-ը այրերու կը պատկանին, 31-ը` կիներու, իսկ 24-ը` երեխաներու: Այդ դիակներէն ցարդ 55-ին ինքնութեան կարելի եղած է ծանօթանալ, իսկ մնացեալ 40-ը անծանօթներ են:

Համիէ աւելցուց, որ տակաւին կան 14 լիբանանցիներ, որոնց հետքը կարելի չէ եղած գտնել:

Այս շրջագիծին մէջ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Հասան Մոհամետ Ղապաշի հետ` քննարկելու համար վիրաւորները կամ փրկուած քաղաքացիները Լիբանան փոխադրելու ձեւերը եւ միջոցները:

Նշենք, որ Մընիէէն երեքշաբթի օր ընթացք առած մահուան նաւը  ապօրինի կերպով կը փոխադրէր 150 գաղթականներ` լիբանանցի եւ ոչ լիբանանցի քաղաքայիններ, երբ ան ծովամոյն դարձաւ Թարթուսի մէջ:

Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է քաղաքացի մը, որ խոստովանած է ապօրինի կերպով գաղթեր կազմակերպելու իր պատասխանատուութեան մասին:

Ան խոստովանած է նաեւ, որ ծրագրած է 21 սեպտեմբեր 2022-ին դէպի Իտալիա ապօրինի գաղթը:

Նախորդը

Միքաթի. «Ծովային Սահմանագծումի Թղթածրարին Մէջ Զարգացումներ Արձանագրուած Են»

Յաջորդը

«Իրան Պատրաստ Է Հայաստանի Հանրապետութեան Հետ Խորացնելու Փոխադարձ Շահերու Վրայ Հիմնուած Համապարփակ Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Ռայիսի

RelatedPosts

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովը Տեղահանուած Արցախահայութեան Անունով Դիմած Է ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններուն

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?