Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Քննարկեց Մտաւոր Սեփականութեան Իրաւունքի Օրինագիծը

Սեպտեմբեր 23, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամի, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներուն:

Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ յանձնախումբը քննարկեց երկու օրինագիծեր, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի մտաւոր սեփականութեան իրաւունքի համաձայնագիրին միանալու կարելիութեան, ապահովելու համար գործիքներ, սարքեր եւ այլն հնարած գիւտարարներու մտաւոր սեփականութեան իրաւունքը:

Ալամէ նշեց, որ նման համաձայնագիրի մը մաս կազմելով կարելի է գիւտարար եւ հնարող հեղինակներուն իրաւունքը պաշտպանել եւ ինքնաբերաբար նպաստել Լիբանանի տնտեսութեան եւ անոր հաստատութիւններուն:

Ալամէ նկատել տուաւ, որ երկրորդ օրինագիծը կը վերաբերի Միջազգային դրամատան կողմէ տրամադրուելիք 25 միլիոն տոլարի վարկի մը, որուն 91 առ հարիւրը վարկ է, իսկ 9 առ հարիւրը` նուիրատուութիւն, որուն նպատակն է «Քորոնա» ժահրի մասին նախազգուշական, կանխարգիլման եւ բուժման ցանց մը ստեղծել` տասը տարուան համար:

«Յանձնախումբին անդամները յաւելեալ ժամանակ խնդրեցին ուսումնասիրելու համար այս առաջարկը եւ համապատասխան նախարարներուն հետ խորհրդակցելու այդ մասին, ապա վերջնական որոշում տալու», շեշտեց Ալամէ:

 

Նախորդը

Միջազգային Դրամական Ֆոնտ. «Բարեկարգումներու Գործադրութեան Թափը Տակաւին Շատ Դանդաղ Է»

Յաջորդը

Մընիէէն Ընթացք Առած Նաւ Մը Թարթուսի Մէջ Ծովամոյն Կը Դառնայ

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?