Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.900 լ. ոսկի է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք չէ վերածուի երկրի մը, ուր ահաբեկիչներ կը պատրաստուին եւ ուրկէ թմրեցուցիչի մաքսանենգում կը կատարուի:

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապը Լիբանանի մէջ պապական նոր նուիրակ նշանակեց գերապայծառ Փաուլօ Պորճիան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ձախողցնելու որեւէ փորձ կը նպատակադրէ քանդել եւ քայքայել հանրապետութիւնը, ինչպէս նաեւ իշխանութենէն հեռացնել քրիստոնեայ համայնքը, յատկապէս մարոնիները:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա կոչ ուղղեց ամէնէն մօտիկ ապագային կազմելու կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին մէջ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը, որպէսզի կարելի ըլլայ բարեկարգումի անիւի թաւալումին մեկնարկը կատարել:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը հաստատեց, որ Լիբանանը կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու որոշումին: Ան նշեց, որ պէտք է ընտրել նախագահ մը, որուն շուրջ քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբուին եւ Լիբանանը դուրս բերեն իր դիմագրաւած մղձաւանջէն:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ իրենք միջազգային ընտանիքը տեղեակ պահած են, որ Լիբանանի կացութիւնը շատ վտանգաւոր է: Ան նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը առանձինն պատասխանատու չէ ծովամոյն դարձող նաւերուն` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կարողութիւն չունի հանդուրժելու մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութիւնը: Ան շեշտեց, որ ձմրան ընթացքին Լիբանան մեծ թիւով տագնապներ պիտի դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ ապօրինի գաղթականներ փոխադրող նաւերուն թիւը կրնայ բարձրանալ, «հետեւաբար բոլորը տեղեակ պահեցինք Լիբանանի մէջ տիրող վտանգաւոր կացութեան մասին», ըսաւ Հաժժար:

ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու կոչ ուղղեց պետական ամավարկի քննարկման խորհրդարանի այսօրուան լիագումար նիստը ջնջելու եւ զայն վերածելու կառավարութեան հարցապնդման նիստի, որուն ընթացքին հարց պիտի տրուի մահուան նաւերուն առնչութեամբ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան մասին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ երէկ նախագահեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցած Ժամալ Ապտել Նասերի մահուան 52-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին, որուն ընթացքին ան հաստատեց, որ ինք պիտի մերժէ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած 2022-ի պետական ամավարկի ծրագիրին քուէարկել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ ազգային է եւ կը մերժէ Լիբանանի գերիշխանութեան դպչիլ:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Մախզումի շեշտեց, որ ամերիկեան-ֆրանսական-սէուտական միացեալ հաղորդագրութիւնը Լիբանանի փրկութեան միջոց է եւ ուղեգիծ:

ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ երեսփոխան Ռամի Ֆանժ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ օրական դրութեամբ ապօրինի գաղթական փոխադրող նաւ մը կրնայ ծովամոյն դառնալ` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ մարդասիրական հսկայական օժանդակութեան կարիքը կայ` վերջ տալու համար հաւաքական այս անձնասպանութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի հաստատեց, որ ոմանք կը ջանան քանդել Լիբանանի տնտեսութիւնը եւ անոր քանդումին պատասխանատուութիւնը վերագրել Դիմադրութեան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ յոյսերը մեծ են այս շաբթուան ընթացքին նոր կառավարութիւն մը ունենալու:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը կարիքը ունի շրջանային-միջազգային համաձայնութեան` աւելցնելով, որ Հըզպալլա ոչ ոքի թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ նախագահական ընտրութեան:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը անցեալ շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ապահովութեան ուժերը Ճիւնիի ոստիկանատունէն փախուստ տուած 19 բանտարկեալներէն 16-ը կրցած են վերստին ձերբակալել, իսկ մնացեալ երեքը փնտռելու աշխատանքը տակաւին ընթացքի մէջ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պեքաայի մէջ ձերբակալեց երգիչ Ուատիհ Շէյխը, որ կրակ բացող շքախումբի մը մաս կը կազմէր:

 

Նախորդը

Հայաստան Ամէն Բանէ Վեր

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան. «Լիբանանը Վտանգի Ենթակայ Է, Եւ Կը Մերժենք Վարչապետի Լիազօրութիւններուն Դպչիլ»

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?