Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 138 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.100 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 14.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 13.000 լ. ոսկիով, մազութը` 26.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը սղած է 2.000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 668.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 685.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 807.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 390.000 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը թուիթըրեան իր էջով յայտնեց, թէ նախանցեալ գիշեր Թրիփոլիի Պապ էլ Ռամըլ շրջանին մէջ սուրիացի Ա. Զ.-ի ձերբակալումին ընթացքին, յանցագործը, որ թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ կը գտնուէր, դանակով յարձակած է բանակայիններու վրայ եւ վիրաւորած երկու զինուորներ: Ձերբակալեալին մօտ գտնուած է գնդացիր մը, ատրճանակ մը եւ պայթուցիչ: Յանցագործը եւ անկէ գրաւուած իրերը յանձնուած են համապատասխան մարմիններուն, եւ բացուած է հետաքննութիւն:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան նախագահ Ռալֆ Թրաֆի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններէն պատուիրակութեան մը հետ: Քննարկուեցան բարեկարգումի վերաբերող հարցեր: Քանաան յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է հարուստ եւ ուղղակի երկխօսութեամբ լեցուն` տարբեր թղթածրարներու մասին: Ան յոյս յայտնեց, որ այդ հանդիպումը հիմքը ըլլայ միջազգային ընտանիքին հետ շինիչ գործակցութեան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ պլոքը կը զօրակցի սահմանադրական ամբողջական իրաւասութիւններով կառավարութեան կազմութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջորդ փուլի մարտահրաւէրները դիմագրաւել, ինչպէս նաեւ հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն կարիքները հոգալ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հարաւային Ֆրանսայի Նահանգի Նախագահ Ռընօ Միւսելիէն

Յաջորդը

Վրոնեցքա. «ՄԱԿ Յանձնառու Կը Մնայ Լիբանանին Եւ Տեղահանուածներուն Օժանդակութիւն Տրամադրելու»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.