Լիբանանեան

Լիբանանցիներուն Մեծամասնութիւնը Կ՛ընդառաջէ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութեան

Դրամատուները Կը Շարունակեն Մնալ Փակ

Դրամատուներու միութիւնը չորեքշաբթի օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ դրամատուներուն դէմ սադրանքներու ծրագիրներն ու մտադրութիւնները, ինչպէս նաեւ սպառնալիքները կը մնան առկայ, եւ իբրեւ այդպիսին, միութիւնը որոշած է դրամատուները փակ պահելու իր որոշումը երկարաձգել: Դրամատուներու միութեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ լիբանանեան պետութեան, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներուն կողմէ դրամատուներուն եւ անոնց պաշտօնէութեան անվտանգութեան գծով մտահոգութիւնները փարատելու ոչ մէկ քայլ առնուած...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.900 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակն ու քաղաքական զարգացումները: ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ նախարարութեան մէջ փլուզումը կասեցուցած են` աւելցնելով, որ ինք յայտարարած է ծրագիրի մը մասին, որուն...

Նախագահ Աուն. «Կ՛աշխատիմ Կազմել Ամբողջական Լիազօրութիւններով Կառավարութիւն Մը, Իսկ Լիբանան Կարիքը Ունի Քաղաքական Եւ Գերիշխանական Բարեկարգումի»

Նախագահ Աուն. «Կ՛աշխատիմ Կազմել Ամբողջական Լիազօրութիւններով Կառավարութիւն Մը, Իսկ Լիբանան Կարիքը Ունի Քաղաքական Եւ Գերիշխանական Բարեկարգումի»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը, որուն ընկերակցեցան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն դեսպանները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար եւ նախագահի խորհրդականներ Ռաֆիք Շլալա, Ուսամա Խաշշապ եւ Ռեմոն Թարապէյ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Նախագահ Աուն հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ ինք...

Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումի Իմաստով Դրական Ակնկալութիւններ

Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումի Իմաստով Դրական Ակնկալութիւններ

Լաւատեղեակ աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Լիբանան - Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին առումով ակնկալութիւնները դրական են: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, հաստատուեցաւ նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը իրենց կարգին դրական մթնոլորտի մէջ են եւ կը սպասեն վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Լիբանան վերադարձին: Նշենք, որ ծովային սահմանագծումին իմաստով խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ մեկնեցաւ Նիւ Եորք, ուր հանդիպում մը ունեցաւ սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններու ամերիկացի բանագնաց Էյմըս...

Պուխարի Այցելեց Ժոմպլաթի

Պուխարի Այցելեց Ժոմպլաթի

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի նախանցեալ գիշեր այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի, ինչպէս նաեւ պլոքի անդամ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Քլեմանսոյի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պուխարիի հետ քննարկած են բազմաթիւ հարցեր` աւելցնելով, որ Ռիատ յանձնառու կը մնայ լիբանանեան կայունութեան,...

Հակառակ Յայտարարուող Խոստմնալից  Կեցուածքներուն.  Ժողովրդային Ցոյցերն Ու Բողոքի  Ելոյթները  Շարունակուեցան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Որոշեց Բարձրացնել Ելեկտրական Հոսանքին Սակը

Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն խորհուրդը երէկ որոշեց բարձրացնել ելեկտրական հոսանքին սակը` որդեգրելով հետեւեալ ձեւը. - Ելեկտրականութեան սակը 10 սենթով կը բարձրանայ` մինչեւ 100 քիլօ ուաթ: - Ելեկտրականութեան սակը 27 սենթով կը բարձրանայ` 100 քիլօ ուաթէն յաւելեալ գործածութեան պարագային: Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը իր տուած այս որոշումը փոխանցեց ելեւմուտքի նախարարութեան:    

Կրիօ Այցելեց Ուսամա Սաատի, Ապտել Ռահման Պըզրիի Եւ Պահիա Հարիրիի

Կրիօ Այցելեց Ուսամա Սաատի, Ապտել Ռահման Պըզրիի Եւ Պահիա Հարիրիի

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ այցելեց Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ միջազգային հարցերը, որոնք կը փոթորկեցնեն Լիբանանը, յատկապէս` տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն պարագային: Կրիօ այցելեց նաեւ երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական խոր տագնապը, ինչպէս նաեւ այդ տագնապէն դուրս գալու առկայ միջոցներն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 168 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 36.300 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի 26 սեպտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, խորհրդարանը հրաւիրեց ցերեկային նիստի մը` աւելցնելով, որ նոյն օրը նաեւ պիտի գումարուի գիշերային նիստ մը: Այդ նիստերուն ընթացքին պիտի...

Նախագահ Աուն Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումին Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումին Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղթածրարը: Նախագահ Աուն նշեց, որ սահմանագծումի բանակցութիւնները կը գտնուին իրենց վերջին փուլին մէջ, եւ կը կատարուին այնպիսի ձեւով, որ անոնք ապահովեն կազի եւ նաւթի հորատում կատարելու Լիբանանի իրաւունքները` Լիբանանին յատուկ տնտեսական շրջանին մէջ:...

Պըրրի Ռամիրեզի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Խորհրդակցութիւնները

Պըրրի Ռամիրեզի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Խորհրդակցութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի նախագահ Էռնեսթօ Ռիկօ Ռամիրեզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ խորհրդակցութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ կատարուած օրէնսդրական աշխատանքները: Պըրրի վերահաստատեց խորհրդարանին պատրաստակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը` օրէնսդրական իմաստով կատարելու իրմէ պահանջուածը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի բարեկարգումներուն, գործադիր իշխանութիւններուն հետ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն մէջ...

Վարչապետ Միքաթի Մասնակցեցաւ Էլիզապեթ Բ. Թագուհիին Յուղարկաւորութեան Արարողութեան

Վարչապետ Միքաթի Մասնակցեցաւ Էլիզապեթ Բ. Թագուհիին Յուղարկաւորութեան Արարողութեան

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Լիբանանի անունով մասնակցեցաւ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին յուղարկաւորութեան պաշտօնական արարողութեան, Ուեսթմինսթըր Ապիի մէջ: Այս առիթով վարչապետ Միքաթի արձանագրեց, որ իր եւ լիբանանցի ժողովուրդին անունով կը յարգէ յիշատակը Էլիզապեթ Բ. թագուհիին, որ Բրիտանիոյ նկատմամբ նուիրումի ու յանձնառութեան խորհրդանիշը դարձած է: «Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները Չարլզ Գ. թագաւորին եւ անոր ամբողջ ընտանիքին», արձանագրեց Միքաթի: Վարչապետ Միքաթի Պաքինկհամ պալատին մէջ հիւրը...

Դրամատուները Կը Մնան Փակ, Իսկ Դրամատուն Ներխուժողներէն Ոմանք Կը Մնան Արգելափակուած

Դրամատուները Կը Մնան Փակ, Իսկ Դրամատուն Ներխուժողներէն Ոմանք Կը Մնան Արգելափակուած

Լիբանանի մէջ գործող դրամատուներուն դէմ գործուած զինեալ ներխուժումի դէպքերուն պատճառով տակաւին արգելափակուած կը մնան երիտասարդներ Ապտել Ռահման Զաքարիա եւ Մոհամետ Ռըսթոմ, որոնք ներխուժած էին Պէյրութի «Պլոմ» դրամատունը: Զաքարիայի եւ Ռըսթոմի հարազատներն ու բարեկամները երէկ առաւօտեան բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց` պահանջելով անոնց ազատ արձակումը: Անոնք նաեւ փորձեցին փակել Արդարութեան պալատ տանող ճամբաները, ինչպէս նաեւ փորձեցին ներխուժել Արդարութեան...

Քենաանի. «Իրան Պատրաստ Է Օժանդակելու Լիբանանի Բոլոր Հարցերուն Լուծման»

Քենաանի. «Իրան Պատրաստ Է Օժանդակելու Լիբանանի Բոլոր Հարցերուն Լուծման»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները մտերմիկ են` աւելցնելով, որ Իրան միշտ փորձած է լուծել Լիբանանի հարցերը, որոնց մէջ նաեւ քաղաքական հարցերը, յատկապէս նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին: Քենաանի շեշտեց նաեւ, որ Իրան դրական դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Լիբանանի համար ուժանիւթ ապահովելու մէջ: Քենաանի նշեց, որ Իրան Լիբանանի կառավարութեան հետ յարաբերութիւններ կը հաստատէ`...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 178 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.900 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 6000 լ. ոսկիով, մազութը` 8000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի...

Սէյիտ Նասրալլա. «Պիտի Չարտօնենք Քարիշի Հանքէն Կազի Ու Նաւթի Արտահանումը, Մինչեւ Որ Լիբանան Իր Արդար Իրաւունքները Ստանայ»

Սէյիտ Նասրալլա. «Պիտի Չարտօնենք Քարիշի Հանքէն Կազի Ու Նաւթի Արտահանումը, Մինչեւ Որ Լիբանան Իր Արդար Իրաւունքները Ստանայ»

Իմամ Հիւսէյնի նահատակութեան 40 օրուան առիթով Պաալպեքի մէջ կազմակերպուած սգահանդէսի մը ընթացքին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ օր արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ  անդրադարձաւ յատկապէս ծովային սահմանագծումի հարցին: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կը գտնուի ոսկեայ առիթի մը դիմաց` աւելցնելով, որ այդ առիթը կրնայ անկրկնելի ըլլալ: «Ասիկա մեր միակ առիթն է, որպէսզի Լիբանան կարենայ նաւթ ու կազ արտահանել`...

Մաուլաուի. «Դէպի Ծոցի Երկիրներ  Չարիքի Արտածումը Կասեցնելու Համար  Կազմ Ու Պատրաստ Ենք»

Մաուլաուի. «Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Գրաւուեցաւ Քեփթակոնի Մէկ Միլիոն Դեղահատ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընկերային ցանցերուն վրայ զետեղած իր գրառումին ընդմէջէն յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ բացայայտուած ու գրաւուած է Քեփթակոնի մէկ միլիոն դեղահատ, որոնք տեղաւորուած էին խաղողի փոխադրութեան սնտուկներու մէջ: Մաուլաուի շեշտեց, որ այդ սնտուկները նախ Պէյրութի նաւահանգիստէն պիտի փոխադրուէին Սուտան, ապա` Քուէյթ: Մաուլաուի իր խօսքը ուղղելով «մահուան առեւտրական»-ներուն շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերն ու...

Ռայի Պատրիարքը Մքերիի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Մքերիի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ դրամատուներու մէջ արձանագրուած զինեալ ներխուժումները` իրենց իրաւունքները պահանջող քաղաքացիներուն կողմէ: Մքերի նշեց, որ այս իմաստով մտահոգութիւն կայ` մասնաւորաբար նկատի ունենալով երկրին մութ եւ անորոշ իրավիճակը: Մքերի նշեց,...

«Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Սենտիքան Վերջ Տուաւ Գործադուլին

«Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Սենտիքան Վերջ Տուաւ Գործադուլին

«Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքայի գործադիր խորհուրդը շաբաթավերջին յայտարարեց, որ իր յայտարարած գործադուլին վերջ տուած է` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ստորագրած է զոյգ հրամանագիրներ, որոնք կը վերաբերին «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան իրաւունքներուն ապահովումին: Խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարին, ինչպէս նաեւ «Օժերօ»-ի տնօրէն խորհուրդին եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան, որոնք ճիգ չխնայեցին լուծելու համար այս հարցը:

Բարեկարգչական Երեսփոխանները  Այցելեցին Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան

Բարեկարգչական Երեսփոխանները Այցելեցին Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան

Բարեկարգչական երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը շաբաթավերջին այցելեց Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ: Երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք, որ յայտնեց, թէ հանդիպումին քննարկուած է զուտ լիբանանեան հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարելիութիւնը` հիմնուելով իրենց պատրաստած նախագահական փրկութեան նախաձեռնութեան վրայ: Սատեք յայտնեց, որ ներկաները համաձայն էին նախաձեռնութեան...

Սուրիացի Տեղահանուածները Կամովին Տունդարձ Կատարելու Նպատակով Սկսած Են Արձանագրուիլ

Սուրիացի Տեղահանուածները Կամովին Տունդարձ Կատարելու Նպատակով Սկսած Են Արձանագրուիլ

Հարաւային Լիբանանի եւ Նապաթիէի մէջ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին պատկանող կեդրոններուն մէջ արդէն իսկ սկսած են արձանագրութիւնները սուրիացի այն տեղահանուածներուն, որոնք կամովին եւ ապահով կերպով կը փափաքին տունդարձ կատարել դէպի Սուրիոյ կայուն շրջանները: Նշենք, որ այս գործառնութիւնը սկսած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին պատասխանատուութիւնը Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի յանձնումէն ետք: Կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը...

Page 315 of 988 1 … 314 315 316 … 988

Արխիւներ