Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը` ընկերակցութեամբ Նաւթի մարզը տնօրինող խորհուրդի անդամներ Ուիսամ Շպաթի, Ուիսամ Զահապիի, Կապի Տաապուլի եւ Ուալիտ Նասըրի:
Հանդիպումէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին կատարած իր շնորհաւորական այցելութենէն ետք, Նաւթի մարզը տնօրինող խորհուրդին ընկերակցութեամբ փափաքած է այցելել վարչապետ Միքաթիին` դարձեալ շնորհաւորելու համար Լիբանանի գոյացուցած պատմական համաձայնութեան համար, որուն շնորհիւ երկիրը առիթ պիտի ունենայ արդիւնահանելու իր ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւնը:
Ֆայեատ յայտնեց, որ այս իմաստով քաթարեան իշխանութիւնները փափաք յայտնած են դաշնակցելու «Թոթալ» եւ «Էնի» ընկերութիւններուն թիւ 4 եւ թիւ 9 նաւթահորերը հորատելու աշխատանքին մէջ:
Ֆայեատ յայտնեց, որ այս փափաքը իրեն յայտնած է Քաթարի նաւթի նախարար Սաատ Քաապի: Ան քաթարեան այս աշխատանքը նկատեց շատ կարեւոր` նկատի ունենալով ներդրումներ կատարելու Քաթարի կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական զարթօնքին օժանդակելու իմաստով Քաթարի դեսպանին ցուցաբերած մնայուն կեցուածքները:
Ֆայեատ նկատել տուաւ նաեւ, որ Միքաթիի հետ քննարկած է Նաւթի մարզը տնօրինող խորհուրդին մարդուժով զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս այս փուլին ընթացքին տնօրինելու համար այս մարզին աշխատանքները:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց կրթական հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ իրաքցի ուսանողներուն վերաբերող խնդիրներ:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար, որոնք քննարկեցին պաշտպանութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն վերաբերող հարցեր:


