Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Սերտ Շփումներ` Բազմակողմանի Ուղղութիւններով

October 18, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի  նախագահական ընտրութեան ընդառաջ, ճիգերը կը շարունակուին բազմակողմանի ուղղութիւններով եւ զանազան մակարդակներու վրայ: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեսփոխանները հրաւիրած է նախագահական ընտրութեան նոր նիստի մը, քաղաքական եւ կուսակցական շփումները թափ առին երէկ տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Այս ծիրին մէջ, ուշագրաւ էր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախաձեռնութիւնը: Վերջինս երէկ անջատ պատուիրակութիւններ ուղարկեց երկրի «բանալի» կողմերուն մօտ շօշափելու համար անոնց «բազկերակը», նախագահական ընտրութեան ընդառաջ: Այս շփումներուն մէջ առանցքային էր Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Այն Թինէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտ, ուր կայացած խօսակցութեանց լոյսին տակ կարելի է յայտնել, թէ Պասիլ-Պըրրի յարաբերութեանց «ձիւնհալ» մը արձանագրուած է: Այս առիթով, Պասիլ «դրական» որակեց խորհրդարանի նախագահին հետ իր գլխաւորոած պատուիրակութեան խօսակցութեանց մթնոլորտը` ընդգծելով, որ «Լիբանանի մէջ կարելի չէ նախագահ ընտրել առանց երկխօսութեան»: Պասիլ այս առիթով խորհրդարանի նախագահին յանձնեց նախագահական ընտրութեան գծով Ազգային ազատ հոսանքի տեսակէտներու հայեցակարգը: Պասիլ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտ նկատած է «հասկացողութիւն եւ համագործակցութեան) պատրաստակամութիւն` ո՛չ միայն ներկայ փուլին, այլեւ` անուններու գծով»:

Այցելութիւն Քլեմանսօ

Ազգային ազատ հոսանքի այլ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Սեզար Ապի Խալիլի, երէկ այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ: Այս առիթով երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան դրուատեց երկխօսութեան այս քայլը` շեշտելով Թաէֆի համաձայնագիրին կարեւորութիւնն ու անոր սկզբունքներուն կառչած մնալու իրենց յանձնառութիւնը: Իր կարգին, Ազգային ազատ հոսանքի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Սեզար Ապի Խալիլ դրական որակեց հանդիպումի մթնոլորտը:

Նաեւ` Հարեթ Հրէյք

Նմանապէս, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երրորդ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ալեն Աունի, երէկ այցելեց Հարեթ Հրէյք, ուր տեսակցեցաւ Հըզպալլայի պատուիրակութեան հետ: Այս առիթով կողմերը իրենց նախանձախնդրութիւնը յայտնեցին բոլոր համախմբումներուն հետ տեսակցելու գծով:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն այլ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Էտկար Թրապուլսիի, հանդիպում ունեցաւ «Իսլամական Մաշարիհ» կազմակերպութեան հետ, որուն անունով երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի ըսաւ. «Կը հանդիպինք եւ կը խորհրդակցինք ի նպաստ Լիբանանի ծառայող բոլոր հարցերուն գծով»:

Նաեւ` Դիւանագիտական Մակարդակի Վրայ

Նախագահական ընտրութեան ընդառաջ հետաքրքրական էին նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի այցելութիւնները անջատաբար` նախագահ Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Այս առիթով սէուտցի դեսպանը Պաապտայի թէ Այն Թինէի մէջ վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի միասնականութեան եւ այս գծով Թաէֆի համաձայնագիրին կարեւորութիւնը:

Զուիցերիական Նախաձեռնութիւնը

Դիւանագիտական նոյնքան ուշագրաւ քայլ մըն էր նաեւ Զուիցերիոյ դեսպանատան յայտարարութիւնը նախագահական ընտրութեան ընդառաջ նախատեսուող միջլիբանանեան խորհրդակցութեանց յետաձգման վերաբերեալ: Արդարեւ, այսօր` երեքշաբթի, 18 հոկտեմբերի երեկոյեան Զուիցերիոյ դեսպանի տան մէջ նախատեսուած լիբանանցի անձնաւորութիւններու ընթրիքի երեկոն յետաձգուած յայտարարուեցաւ այս գծով դրսեւորուած հակասական կեցուածքներու եւ նկատողութիւններու լոյսին տակ: Միւս կողմէ իմացուեցաւ, թէ միջլիբանանեան խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին Ժընեւի մէջ նախատեսուող անջատ հանդիպումներով:

Նաեւ` Կառավարութեան Մակարդակով

Պետական թէ քաղաքական շփումները երէկ շարունակուեցան նաեւ կառավարութեան նշանակման ուղղութեամբ: Արդարեւ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ «մագոգային» հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ապա նախկին նախարար Թալալ Արսլանի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Արսլանի «համակիր» նախարարի թեկնածուի մը նշանակման կարելիութիւնները` նախատեսուող նախարարական կազմի փոփոխութեան ծիրին մէջ:

Լիբանանցիք Վերյիշեցին «17 Հոկտեմբերի Յեղափոխութիւնը»-ը

Այս բոլորին զուգահեռ, լիբանանցիներու խումբ մը, յատկապէս` 17 հոկտեմբեր 2019-ի «ուացափեան յեղափոխութեան» պատրոյգի բռնկեցման կողմնակիցներ, երէկ վերյիշեցին եւ բողոքի հաւաքով մը Պէյրութի կեդրոնը ոգեկոչեցին նշեալ շարժումին երրորդ տարելիցը` խորհրդածելով անոր արձանագրած ընկերային-տնտեսական «իրագործումներուն» եւ յառաջացուցած «փոփոխութիւններուն» մասին:

 

 

 

Նախորդը

«Մեր Պատմութեան Ներկայ Ճակատագրական Փուլին` Համախմբումը Եւ Վճռական Որոշումներու Կայացումը Պէտք Է Կիզակէտը Դառնայ Մեր Աշխատանքին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Անկեղծօրէն Հետաքրքրուած Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւումով»

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Թղթածրարին Արմատական Լուծում  Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Արմատական Լուծում Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

October 6, 2026
Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի  Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»
Լիբանանեան

Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.